Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Յիշատակին

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Յիշատակին

by MassisPost

«Իր ատենին մեր կացութիւնը, իր հետեւանքներով ու հաւանականութիւններով շատ լաւ ըմբռնեցին Հնչակեաները, սակայն մենք համամիտ չգտնուեցանք այդ ատեն, եւ այսօր, մեր ապրած կեանքոը կը հաստատուի անոնց ուղիին ճշմարիտ ըլլալը»:
ԶԱՒԷՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

1915 թուականի Յունիսի 15-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան քսան գործիչներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող Երիտթուրքերու կառավարութեան պարագլուխներուն դէմ մահափորձ կազմակերպելու մեղադրանքով դատապարտուած էին մահապատիժի: Անոնց ճակատագիրը նոյնացաւ այլ մտաւորականներու եւ գործիչներու ճակատագրին, որոնք նոյն տարուայ Ապրիլի 24-ին ձերբակալուեցան ու տարուեցան անյայտ ուղղութիւններով, սկիզբը դառնալով Հայոց Մեծ Եղեռնի ու մեր ժողովուրդի միլիոնաւոր զաւակներու բնաջնջումին:

Քսաններուն մեծութիւնն ու կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անոնք կանխատեսեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ու փորձեցին կանխել զայն: Թէեւ անոնց ծրագիրը ձախողեցաւ հայանուն մատնիչներու պատճառաւ, սակայն Պոլսահայ ազգային, եկեղեցական ու պահպանողական այլ շրջանակներ եւս անտարբեր ու թերահաւատ գտնուեցան Քսաններուն զգուշացումներուն հանդէպ: Այդ խմբակները չէին ուզեր հաւատալ, որ համամարդկային բարձր սկզբունքներու անունով իշխանութեան եկած Երիտթուրքերը կրնային կոտորածներու միջոցաւ հայութիւնը իր ծննդավայրէն ու հայրենիքէն տեղահան ընելու նպատակներ հետապնդել: Ժամանակը եկաւ փաստելու որ, այդ տարրերը սխալ էին, իսկ Քսանները ճիշդ: Տարբեր պիտի ըլլար արեւմտահայութեան ճակատագիրը, եթէ անոնք յաջողէին ի գործ դնել իրենց ծրագիրները:

«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի քան մեր գործը շարունակելու», «Վաղը արեւելքի հորիզոնին վրայ մենք պիտի ողջունենք Հայաստանի վերածնունդը», կախաղաններու վրայ արտասանուած այս խօսքերով Քսանները մարգարէացան Հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագան ու այդ պատճառաւ անմահացան Հնչակեան Կուսակցութեան ու Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Անցնող տասնամեակներուն Քսաններուն յիշատակը վառ պահուեցաւ անոնց նուիրուած բանաստեղծութիւններով, ազգային երգերով, հրատարակութիւններով, Հայաստանի ու սփիւռքի տարածքին յուշակոթողներով եւ հրապարակային հանդիսութիւններով:

2013 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով Քսաններուն տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ: Խումբ մը թուրք յառաջդիմական մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, նոյն այն հրապարակին վրայ, ուր անոնք կախաղան բարձրացած էին տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում: Անկէ ասդին թուրքիոյ մէջ լոյս տեսան բազմաթիւ հրատարակութիւններ՝ նուիրուած Քսաններուն ու անոնց առաջնորդ՝ Մեղրիի զաւակ Մաթէոս Սարգիսեանին՝ ծանօթ Փարամազ ծածկանունով: Վերջերս թուրք մտաւորական Քատիր Աքինի կողմէ պատրաստուած ու Փարամազին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կը շարունակուի եւրոպական քաղաքներու եւ Թուրքիոյ տարածքին:

Այսօրուայ Հայաստանը մասնակի իրականացում է Քսաններուն տեսլականին ու իղձերուն: Տարի մը առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային յեղափոխութեամբ Հայ ժողովուրդը քայլ մը եւս մօտեցաւ անոնց նպատակներուն, երբ Հայաստան թեւակոխեց նոր ու աւելի խոստմնալից հանգրուան մը, ուր ժողովրդավարութիւնը ամրագրուեցաւ, որպէս հիմնական նպատակ: Այժմ կը մնայ որ, վերականգնուի նաեւ ընկերային արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը ու Քսաններուն դաւանած ընկերվարական սկզբունքները տարածուին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն վրայ:

Քսաններուն նահատակութենէն 104 տարիներ ետք, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեր նահատակներուն արեան ու կորսուած հողերու դիմաց հատուցումը կը մնան մեր բոլորի գերագոյն նպատակը, որուն պիտի հասնինք՝ ուշ թէ կանուխ:

Յարգանք՝ Հնչակեան Քսաններու եւ մեր բոլոր նահատակներու անմահ յիշատակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment