Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յունիս 20-ին Ուաշինկթընի Մէջ կը Նախատեսուի Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

Յունիս 20-ին Ուաշինկթընի Մէջ կը Նախատեսուի Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը

by MassisPost

Յունիս 20-ին կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ, Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի  ներքեւ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հերթական հանդիպումը։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ Յունուարին Փարիզի եւ Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումներէն ետք քննարկումներ կ’ընթանային արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ յաջորդ հանդիպումը երրորդ համանախագահ երկրի` ԱՄՆ-ի մէջ կայացնելու մասին։

«Ինչպէս նախկինում, այս անգամ եւս, մասնակիցների միջեւ համաձայնութիւն էր ձեռք բերուել հանդիպման մասին յայտարարութեան միաժամանակեայ տարածման շուրջ։ Հայաստանը հաւատարիմ է մնում այս պայմանաւորուածութեանը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական դատապարտելի խախտումները եւ սադրիչ գործողութիւնները, որոնք վերջին օրերուն պատճառ դարձած են մարդկային անդառնալի կորուստներու եւ յանգեցուցած շփման գիծին իրավիճակի լուրջ լարման, ձեւաւորած են հանդիպման ընդառաջ ոչ նպաստաւոր միջավայր։

«Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք բնութագրւում են ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ, խոչընդոտում են խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի կայացմանը եւ ըստ այդմ խաթարում են խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջընթացին։ Ստեղծուած իրավիճակը պայմանաւորում է ուաշինկթընեան հանդիպման օրակարգի յստակ գերակայութիւններ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment