Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քոչարեանամէտ Վիթալի Բալասանեան Հեռացուեցաւ Իր Պաշտօնէն

Քոչարեանամէտ Վիթալի Բալասանեան Հեռացուեցաւ Իր Պաշտօնէն

by MassisPost

2020 թուականին սպասուող նախագահական ընտրութիւններէն առաջ եւ Հայաստանի իշխանութիւններու անթաքոյց քննադատութենէն ետք Ղարաբաղի ղեկավար Բակօ Սահակեանը քանի մը հրամանագրերով քատրային փոփոխութիւններ կատարած է:

Մասնաւորապէս, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն ազատուած է Վիթալի Բալասանեանը, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Լեւոն Մնացականեանը նշանակուած է Արցախի ոստիկանապետի պաշտօնին: 2015-2018 թուականներուն Մնացականեանը կը ղեկավարէր Ղարաբաղի պաշտապնութեան նախարարութիւնը:

Արցախի նախագահ դառնալու իր յաւակնութիւնները բարձրաձայնած Վիթալի Բալասանեանը աւելի վաղ ըրած յայտարարութիւններով անվստահութիւն յայտնած էր Նիկոլ Փաշինեանի ղարաբաղեան հարցով վարած բանակցութիւններու գործընթացին եւ իր աջակցութիւնը յայտնած էր երկրորդ նախագահ, Սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանին:

Այս մասին Փաշինեանը մէկ անգամ չէ, որ խօսած է որոշ ուժերու մասին, որոնք կը փորձեն թշնամանք հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի միջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Լեւոն Մնացականեանի, 2018 թուականի Դեկտեմբերին Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացուած էր այն բանէն ետք, երբ, ի թիւս ղարաբաղցի այլ պաշտօնեաներու, քննադատած էր «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանի յայտարարութիւնը, թէ յեղափոխութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան արցախեան ազատամարտը:

Յռաջիկային այլ քատրային փոփոխութիւններ եւս Արցախի մէջ չեն բացառուիր, իսկ գործընթացը սկսած էր Յունիս 10-ին, երբ Բակօ Սահակեանը ստորագրած էր Արթուր Աղաբեկեանի դիմումը նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն ազատուելու մասին:

Աղաբեկեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ դիմումը գրած է հանգստանալու նպատակով: Քաղաքականութենէն հեռանալ պատրաստուող Աղաբեկեանը, սակայն, չի թաքցուցած, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի սատարէ Արցախի նախկին պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment