Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հաստատուած է Ժողովուրդի Իշխանութիւն, Յաղթած է Ժողովրդավարութիւնը», – Յայտարարած է Փաշինեանը

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հաստատուած է Ժողովուրդի Իշխանութիւն, Յաղթած է Ժողովրդավարութիւնը», – Յայտարարած է Փաշինեանը

by MassisPost

«Աբովեանում տեղի են ունեցել ընտրութիւններ, եւ յաղթել է ժողովրդավարութիւնը, դա ամենակարեւորն է», – լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Կիրակի կայացած ընտրութիւնները, ուր նախնական տուեալներով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հետ առնչուող թեկնածու Վահագն Գէորգեանը վերընտրուած է քաղաքապետի պաշտօնին:

«Մենք յեղափոխութիւնը հենց դրա համար էլ արել ենք, որ տեղ-տեղ իշխանական կուսակցութեան թեկնածուները յաղթեն, տեղ-տեղ պարտուեն: Եւ եթէ յիշում էք, յեղափոխութիւնից առաջ երկար տարիներ ամենաառաջնային կարգախօսը Հանրապետական կուսակցութեան մենաշնորհի վերացման անհրաժեշտութիւնն էր, որի մասին խօսում էին բոլոր քաղաքական ուժերը: Էնպէս որ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւս մէկ անգամ այս ընտրութիւններով արձանագրուեց, որ ժողովրդավարական երկիր է, որտեղ քաղաքացիները իրաւունք ունեն կատարել իրենց ընտրութիւնները, եւ իշխանութիւնը ոչ մի ապօրինի միջոց չի կիրառում իր թեկնածուների յաղթանակին հասնելու համար», – յայտարարած է Փաշինեանը:

Փաշինեանը յիշեցուցած է խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Կապանի իրենց թեկնածուի պարտութեան դէպքը, որուն յաջորդած խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքը 70 տոկոս քուէ ստացաւ Սիւնիքի մարզին մէջ:

Զուգահեռներ անցնելով՝ վարչապետը պնդած է, թէ Աբովեանի ընտրութիւններու արդիւնքները չեն նշանակեր, որ իշխող ուժի վարկանիշը նուազած է․ – «Այսօրուայ իրողութիւնները հին մօտեցումներով  չչափենք, երբ որ ամէն ինչ արւում էր, որ սկսած ժեկի պետի թեկնածուից մինչեւ որեւէ թեկնածու յանկարծ իշխանութեան կուսակցութեան ներկայացուցչին չյաղթի: Էս ընտրութիւններում, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ընտրութիւններում, անկախ նրանից «Իմ քայլը» դաշինքի թեկնածուն կը յաղթի թէ չի յաղթի, յաղթում ա յեղափոխութիւնը եւ յաղթում ա ժողովուրդը»:

Յիշեցնենք, որ Աբովեանի մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, նախնական տուեալներով, յաղթած է գործող քաղաքապետ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող Վահագն Գէորգեանը, իսկ իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Գրիգոր Գուլեանը անկէ մօտ  400 ձայն պակաս ստացած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment