Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը բարձր պարգեւատրման ներկայացուցած է հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինծառայող Սիփան Մելքոնեանի մահուան համար «պատժիչ գործողութիւն իրականացուցած զինծառայողները, որոնք բարձր որակով կատարած են առաջադրանքը»։ Այս մասին Ֆէյսպուքի էջին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ մանրամասներ չփոխանցելով:
Պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու ժամկէտային զինծառայող Սիփան Մելքոնեանը սպաննուած է Յունիս 1-ի վաղ առաւօտեան: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ «հակառակորդի սադրանքը անպատասխան պիտի չմնայ, իսկ հետեւանքները պիտի ըլլան ցաւոտ»:
Միւս կողմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համոզմամբ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն տապալել ղարաբաղեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները: Նման յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը հանդէս եկած է Կիրակի երեկոյեան` մեկնաբանելով ազրպէյճանցի զինծառայող Էլշան Խալիլովի մահը:
«Հայաստանի` պատերազմի կողմնակիցներու եւ անոնց հովանաւորներու կողմէ իրականացուած հերթական արիւնալի գործողութիւնը, որ կատարուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ կազմակերպուող հերթական հանդիպման նախաշեմին, նպատակ ունի տապալելու բանակցութիւնները եւ մեծցնելու տարածաշրջանին մէջ առկայ լարուածութիւնը», -ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Տեղի ունեցածի ողջ պատասխանատուութիւնը, ըստ պաշտօնական Պաքուի, կը կրէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը: