Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ուժայիններուն Յանձնարարած է երկաթեայ Հակահարուած Տալ Բռնութիւն Քարոզողներուն

Վարչապետը Ուժայիններուն Յանձնարարած է երկաթեայ Հակահարուած Տալ Բռնութիւն Քարոզողներուն

by MassisPost

Կառավարութեան նիստի սկիզբը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրաւապահ մարմիններուն յանձնարարած է ոչ թէ թաւշեայ, այլ երկաթեայ հակահարուած տալ բռնութեան քարոզ հնչեցնող ուժերուն, որոնց շարքին են նաեւ նախկին կաշառակեր համակարգի հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցողները:

Փաշինեանը նոյնիսկ սեւազգեստ մարդոց խումբերու մասին ստացած տուեալներ հրապարակած է․ – «Էդ սեւազգեստ խմբերին պէտք ա տեղորոշել, սեւ շորերի հարցը լուծել, ծաղկաւոր «բաբոչկան» (Փափիոն խմբ.՝ «Մասիս)  կապել եւ ճանապարհել բնականոն, քաղաքակիրթ, օրինական կեանքի»:

Վարչապետը խօսած է նաեւ Ազատութեան հրապարակը երթեւեկելի գօտի դարձնելու եւ այլ խուլիկանական փորձերու մասին, կարծիք յայտնելով, որ անոնք ոչ թէ առանձին իրաւախախտումներ են, այլ համակարգուած գործունէութիւն, որու նպատակն է տպաւորութիւն ստեղծել, թէ երկրին մէջ անիշխանութիւն է, իրաւակարգն ալ թոյլ է: Մինչեւ նիստի մեկնարկը գործադիրի ղեկավարը այս հարցերու շուրջ քննարկում ունեցած էր ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հետ:

«Բացարձակապէս կապ չունի, թէ այդ բռնութեան քարոզը իրականացնողները հանդէս են գալիս որպէս իշխանութեան համակիր, հանդէս են գալիս որպէս ընդդիմութեան համակիր․․․ բացարձակապէս կապ չունի», – կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետը, – «Հայաստանում բռնութեան քարոզ իրականացնող ցանկացած մարդ պէտք ա ստանայ կոշտ հակահարուած: Յաջորդ անգամ բերանը բացելուց առաջ պէտք ա տասը անգամ մտածեն, ու եթէ տասը անգամ մտածելուց յետոյ այնուամենայնիւ գնան դրա նման գործողութիւնների, ուրեմն տասը անգամ պէտք ա հակահարուած ստանան, եւ էդ հակահարուածը պէտք ա չլինի թաւշեայ, էդ հակահարուածը պէտք ա լինի երկաթեայ»:

Գործընթացին ներգրաւուելու յանձնարարական ստացած է նաեւ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, որ խօսած է օրէնսդրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին՝ նկատելով, որ դատախազութիւնը դեռ երկու տարի առաջ մշակած էր նախագիծ, որով կ’առաջարկուէր քրէականացնել յանցագործութիւն կատարելու կոչերը, մինչդեռ Ազգային ժողովը քրէականացուց միայն ահաբեկչութիւն կատարելու կոչերը:

Դաւթեանը առաջարկեց շարունակել քննարկումները, քանի դեռ խորհրդարանը օրէնքը չէ ընդունած: Ինչ կը վերաբերի վարչապետի մատնանշած վերջին դէպքերուն, մասնաւորապէս մեքենաներու ապօրինի երթեւեկութեան, դատախազը նկատած է․ – «Մեր պահանջն է հետաքննութեան, նախաքննութեան մարմիններից, որպէսզի դա չդիտարկուի որպէս մէկ դէպք, եւ դրա ամբողջ մեխանիզմը բացայայտելուն ուղղուած գործողութիւններ իրականացւում են: Մենք հետեւում ենք, որ լրիւ ծաւալով իրականացուի, հնարաւոր կազմակերպիչները, դրդիչները, օժանդակողները, կամ եթէ այլ, աւելի ծանր յանցագործութիւն է նախապատրաստւում, էս ամէն ինչը բացայայտուի»:

government-06-06

Փաշինեանը յանձնարարած է իր խորհրդական, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանին սկսիլ աշխատանքները՝ դատախազի ներկայացուցած նախագիծի ուղղութեամբ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, կարեւորելով բռնութեան դէմ պայքարը, պատրաստականութիւն յայտնած է մասնակցելու այդ աշխատանքներուն․ – «Եթէ տեղի է ունենում բռնութեան քարոզ կամ բռնութեան կոչեր, եւ դրան պետութիւնը չի արձագանգում պատշաճ ու ժամանակին՝ ի հարկէ օրէնքի սահմաններում, ապա դա չի ունենում կանխարգելիչ նշանակութիւն»:

Նիկոլ Փաշինեանը այս համատեքստում դիտարկած է նաեւ Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի բարձրաձայնած հարցը, թէ ապատեղեկատուութիւն կը տարածուի, որ կառավարութիւնը չեղարկած է ապրիլեան պատերազմի մասնակից ուսանողներու վարձավճարներու 20 տոկոս զեղչը․ – «Նոյն շղթայի տարբեր օղակներն են: Ո՞նց կարող ա ընդհանրապէս էդպիսի բան լինել: Էդ էլ էն թէզն ա՝ ապրիլեան պատերազմի մասնակիցների վարձերը չեն տալիս, չեն յարգում, հողերը ծախեցին, տուին, առած ա, ծախած ա․․․ Էդ նոյն մարդիկ են եւ նոյն շրջանակները: Եւ սա իսկապէս ազգային անվտանգութեան խնդիր ա, պարոն Վանեցեան: Այսինքն  տարաբնոյթ պատերազմ են վարում  էդ մարդիկ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Եւ էդ մարդկանց անուն-ազգանունները շատ յստակ յայտնի է: Լաւ, հասկացանք՝ մէկ, երկու, երեք, չորս․․․ էդ գող-աւազակները իրանց էս երկրում պիտի լաւ զգա՞ն: Դրանք պէտք ա մայթերի տակով, դիմակով քայլեն: Դրանք ո՞վ են ընդհանրապէս: Սա ազգային անվտանգութեան խնդիր ա: Եւ լրջօրէն զբաղուէք էս հարցերով»:

Փաշինեանը ոստիկանապետին յանձնարարած է ձեւաւորել խումբ, որ կ’աշխատի սովորականէն 10 անգամ աւելի արագ ընթացակարգերով, եւ արդիւնքները կարճ ժամանակի մէջ տեսանելի կ’ըլլան:

Օսիպեանը վստահեցուցած է, որ յանձնարարականներ արդէն կան այս ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment