Home Uncategorized Սամուէլ Բաբայեանի Համակիրներուն Հետ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Գործով Կայ Երկու Ձերբակալուած

Սամուէլ Բաբայեանի Համակիրներուն Հետ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Գործով Կայ Երկու Ձերբակալուած

by MassisPost

Սամուէլ Բաբայեանի համակիրներու ուղղութեամբ հրազէնէ կրակ արձակելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս ձերբակալուած է երկու անձ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Նայիրա Յարութիւնեանը:

Վերջիններս ձերբակալուած են զէնք կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկայի գործադրմամբ խուլիկանութիւն կատարելու ինչպէս նաեւ ապօրինի զէնք կրելու կասկածանքով:

Նախօրէին ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտնած էր, որ կատարուածը երկու խումբ մարդոց միջեւ նիւթական հարցերու պարզաբանման արդիւնքով ծագած վէճ է։

Ոստիկանութիւնը շեշտած էր, որ նախքան Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակի յայտարարութիւնը Ոստիկանութիւնը արդէն  տուեալներ ունէր, եւ պետի յանձնարարութեամբ ձեռնարկուած են անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ միջադէպի բոլոր մասնակիցներու ինքնութիւնը, անոնց գտնուելու վայրը ճշդելու, ինչպէս նաեւ կատարուածի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի հերոս Սամուէլ Բաբայեանի գրասենեակը 29 Մայիսի ուշ գիշեր հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ տեղեկացնելով, որ գիշերը՝ ժամը 3։30-ի սահմաններուն, Սեւանի մայրուղիի Սեւան-Մարտունի ճանապարհահատուածին Բաբայեանի համակիրներու եւ զինակից ընկերներու ճանապարհը փակած են եւ անոնց ուղղութեամբ հրազէնէ կրակ արձակած:

Բաբայեանի գրասենեակի փոխանցմամբ՝ «այս   յանցագործները իրենց պարագլուխներով ծառայում են Արցախի նախկին վարչապետ, իսկ հիմա Արցախի նախագահի թեկնածու, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին»։

«Եթէ իրաւապահ մարմինները հետամուտ չլինեն այս ամէնի բացայայտմանը, ապա մենք ստիպուած կը լինենք կիրառել նոյն մեթոտները եւ պատասխան հասցնել նոյն ոճով, որովհետեւ այլ ելք չի մնում», – զգուշացուցած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարարի գրասենեակը:

«Ազատ Հայրենիք»-ը «կուսակցութեանը եւ նրա առաջնորդին ուղղուած զրպարտանք» որակած է Սամուէլ Բաբաեանի գրասենեակի տարածած յայտարարութիւնը:

« «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը դատապարտում է ցանկացած չճշդուած եւ չհիմնաւորուած յայտարարութեան տարածումը», – ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:

«Եթէ կենցաղային կամ այլ դրդապատճառներով, իսկապէս, տեղի է ունեցել յանցագործութիւն, մենք եւս յորդորում ենք իրաւապահ մարմիններին համարժէք գնահատական տալ եւ մեղաւորներին պատժել օրէնքի ամբողջ խստութեամբ: Իսկ «Սամուէլ Բաբաեանի գրասենեակ»-ին կոչ ենք անում սպառնալիքի եւ անօրինականութեան դրդող յայտարարութիւնների փոխարէն՝ գալ կառուցողական դաշտ եւ բոլոր ելքերը փնտռել միմիայն օրէնքի շրջանակներում», – յայտարարած է «Ազատ Հայրենիք»-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment