Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանէն Ներս Ստեղծուած է 2016-ի Ապրիլեան Պատերազմի Հանգամանքները Հետաքննող Յանձնաժողով

Խորհրդարանէն Ներս Ստեղծուած է 2016-ի Ապրիլեան Պատերազմի Հանգամանքները Հետաքննող Յանձնաժողով

by MassisPost

47 պատգամաւորի խնդրանքով խորհրդարանը ստեղծած է խորհրդարանական յանձնաժողով, որ պիտի զբաղուի 2016 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւններու հետաքննութեամբ։ Այս մասին 31 Մայիսին Ազգային ժողովի նիստին ըսած է խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։

Համաձայն սահմանադրական օրէնքի, այս յանձնաժողովի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մշտական յանձնաժողովը։ Նշենք, որ այդ յանձնաժողովի նախագահն է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար, «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment