Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պաքուի «Սեւ Ցուցակը» Ծիծաղս Կ’առաջացնէ. Իմ Սիրտը Այս Կողմն է». Փոզները Պատմած է Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Մասին

«Պաքուի «Սեւ Ցուցակը» Ծիծաղս Կ’առաջացնէ. Իմ Սիրտը Այս Կողմն է». Փոզները Պատմած է Փաշինեանի Հետ Հանդիպման Մասին

by MassisPost

Երեւանը անճանաչելիօրէն փոխուած է. այն դարձած է գեղեցիկ, ժամանակակից եւ գրաւիչ քաղաք: Այս մասին, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է յայտնի լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար Վլատիմիր Փոզները:

«Ինչ կը վերաբերի աչքերու թախիծին,  ոչինչ կրնաս փոխել: Հայ ժողովուրդը շատ ծանր պատմութիւն ունեցած է եւ շատ զարմանալի է, որ չէ կործանուած, թէեւ կրնար այդպէս ըլլալ: Մարդոց աչքերուն մէջ կ’արտայայտուի այդ ողբերգական եւ հերոսական անցեալը: նոյնը կը տեսնենք հրեաներուն աչքերուն մէջ»,-ըսած է ան:

Փոզները նշած է, որ իրեն շատ կը գրաւէ հայերու բացառիկ ունակութիւնը, յամառութիւնը՝ ապրիլ, գոյատեւել բառացիօրէն քարքարոտ հիմքի վրայ, ուր ոչինչ կ’աճի, եւ այդուհանդերձ ուրախ ըլլալ. «Հայերը շատ խելացի ժողովուրդ են, եւ այդ ինձ շատ կը գրաւէ: Ես մեծ համակրանքով կը վերաբերիմ Հայաստանին ու հայերուն»:

Յայտնի լրագրողը նշած է, որ Հայաստան եղած է նաեւ 2015-ին, սակայն կ’ափսոսայ, որ ոչ այն ժամանակ, ոչ հիմա հասցուցած է այցելել Արցախ. «Ցաւօք, չեմ եղած Լեռնային Ղարաբաղ։ Հաճոյքով կ’երթայի, բայց չեմ հասցներ։ Կ’երթայի, թէկուզ որպէսզի արտայայտեմ իմ դիրքորոշումը, որպէսզի բոլորը, այդ շարքին` պարոնայք ատրպէյճանցիները, հասկնային, որ իմ սիրտս այս կողմն է, ոչ թէ այն: Այդ «սեւ ցուցակը» ծիծաղս կ’առաջացնէ: Թող գրանցեն ինծի իրենց «սեւ ցուցակին» մէջ: Կը կարծեմ, որ ես կը շարունակեմ հանգիստ քնանալ գիշերները»:

Փոզները նաեւ պատմած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ շփումէն ստացած տպաւորութիւններու մասին՝ նշելով, որ Փաշինեանի համար կը շարունակէ կարեւոր մնալ իր` լրագրողի մասնագիտութիւնը:

«Ան նոյնիսկ յատուկ կ’ընդգծէր, որ լրագրող է: Չըսաւ նախկին, այլ ըսաւ, որ լրագրող է: Ես նոյնիսկ իրեն ուզեցի ըսել, որ կարելի չէ ըլլալ միաժամանակ լրագրող եւ վարչապետ։ Զգալի էր, որ այդ իրեն համար շատ կարեւոր է:

Ան շփումներու մէջ շատ պարզ մարդ է, անոր հետ հաճելի է զրուցելը։ Ան նաեւ լսել գիտէ, իսկ այդ հազուադէպ կը պատահի նման դիրք ունեցող մարդոց պարագային։ Շատ համակրելի մարդ է», – ընդգծած է  Փոզները։

Նշենք, որ Փոզներ Հայաստան ժամանած էր 22 մայիսին։ Հինգշաբթի ան վարպետութեան դաս տուած էր Հայ–Ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանի ուսանողներուն համար, այնուհետեւ` երեկոյեան տեղի ունեցած է անոր` «Հրաժեշտ պատրանքներուն» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment