Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտնած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի մամուլի քարտուղար Արման Խաչատրեանը:
«Բարձրագոյն դատական խորհրդի յարգարժան անդամներ, նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորների առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով մայիսի 20-ին մամուլով իմ կողմից արտայայտած մտահոգութիւնները՝ այլեւս նպատակայարմար չեմ համարում իմ յետագայ աշխատանքը Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահի եւ Խորհրդի անդամի կարգավիճակներում», – իր դիմումին մէջ գրած է Յարութիւնեանը՝ խնդրելով իր լիազօրութիւնները այսօրուընէ համարել դադրած:
«Ձեզ մաղթում եմ յետագայ բեղմնաւոր գործունէութիւն՝ իրաւական պետութեանը պատշաճող անկախ դատական իշխանութեան կայացման գործում», – ըսուած է Գագիկ Յարութիւնեանի դիմումին մէջ:
Ան նաեւ խոստացած է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայրենակիցներուն «տարիներով կուտակուած» ասելիքը ներկայացնել յաջորդիւ:
«Վստահ եմ, որ այսուհետ բաւարար ժամանակ կ’ունենամ՝ յատկապէս միջազգային մասնագիտական գործակցութեան շրջանակներում առաւել աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար՝ ի բարօրութիւն հայ ժողովրդի: Աստուած պահապան մեր երկրին ու ժողովրդին», – գրած է Գագիկ Յարութիւնեանը: