Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Լրջացէ՛ք»

«Լրջացէ՛ք»

by MassisPost

harut portraitՅարութ Տէր Դաւիթեան

Ի տես անցնող մի քանի օրերուն Հայաստանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան եւ նոյն մարմնի անդամ Արթուր Խաչատրեան յայտարարեցին՝ «Մեր հիմնական կոչն է. լրջացէ՛ք»: Իրենց այս կոչը մեզ մղեց խորհրդածութեանց, որոնք կը ներկայացնենք այս յօդուածով:

Լուրջ կամ լրջութիւն բառը խորունկ իմաստ ունի: Ան իր մէջ կը պարփակէ զգօնութիւն, սթափութիւն, արթնութիւն, զգաստութիւն, ծանրախոհութիւն, խոհեմութիւն, պարկեշտութիւն եւ նման կարեւոր նշանակութիւն ունեցող իմաստներ: Հետեւաբար, այս բոլորը նկատի առած, եկէք փորձենք լրջօրէն քննարկել իրավիճակը:

Անժխտելի իրականութիւն է, որ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր շունչ, լաւատեսութիւն, խանդավառութիւն եւ յոյս բերաւ մեր ժողովուրդին, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին: Միայն փակ ուղեղով եւ քարացած մտայնութեամբ մարդիկ անկարող են տեսնելու այս իրողութիւնը, որովհետեւ կոյր մարդն իսկ զգացմունքներով «տեսաւ» այն: Ու ի տես այս զարգացման, ամէն ողջմիտ հայի համար բնական պէտք է դառնայ ամէն գնով նախանձախնդիր ըլլալ այս նոր իրավիճակի ամրակայման ու բարգաւաճման:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նաեւ փաստեց նախորդ իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան սնանկութիւնը: Երկրի ազգաբնակչութեան մտահոգիչ նուազումը, արդար իրավակարգի մը բացակայութիւնը, փոքրաթիւ անհատներու ահաւոր հարստացումը, ժողովուրդի լայն խաւերու աղքատացումը, պետութեան արտաքին պարտքի ահաւոր կուտակումը, երկրի ընթերքի անխնայ թալանը, մի քանի օրինակներ են միայն այդ սնանկ ու կործանիչ քաղաքականութեան: Հետեւաբար, որեւէ փորձ վերակենդանացնելու նախորդը, ահռելի ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան ապագային համար: Ուրեմն, բոլորս պէտք է ջանանք կանխատեսել այդպիսի փորձերու հաւանականութիւնները եւ կանխարգիլել զանոնք:

Նախկին իշխանութիւններէն կը սպասենք եւ արդեն իսկ տեսած ենք, որ անոնք իրենց անձնական ու հատուածական շահերուն համար երբէք չեն վարանած ոտնակոխ ընելու մեր ազգային շահերը: Վկայ՝ Հոկտեմբեր 27-ն ու Մարտի 1-ը. վկայ՝ կեղծուած ընտրութիւններն ու «ընտրուածները» փշալարերով ու թիկնապահներով ժողովուրդէն հեռու պահելու վախը. վկայ՝ Հայաստանի ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութեանց «գոյք պարտքի դիմաց» ծախուիլն ու Հայաստանի ընթերքի թալանը: Հետեւաբար, լրջանալու կոչը շատ հրատապ ու անհրաժեշտ է եւ այդ կոչին առաջինը պէտք է անսան նախկին իշխանութեանց ներկայացուցիչները, մէջն ըլլալով կոչը հնչեցնողները: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ ինքզինք Հայաստանի «միակ տղամարդը» համարողին հլու հնազանդ ծառայողները այսօր ժողովրդավարութիւնէ կը  քարոզեն:  Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ քսան տարի Հայաստանի պետականութեան հիմքերը փորողները այսօր կ’այպանեն մէկ տարուան կեանք չունեցող իշխանութիւնը, որ չէ բարելաւած իրավիճակը: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ ազնուութիւն չէ Արցախի Հանրապետութիւնը չճանչնալուն համար դաւաճան համարել Հայաստանի այն իշխանութիւնը, որուն մասնակից չեն եւ ապա քսան տարի լռել այդ մասին, երբ իշխանութեան մասնակից են: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ ազնուութիւն չէ քսան տարի քաղաքական մենիշխանութեան մաս կազմել եւ իշխանութիւնը կորսնցնելէ ետք այպանելի գտնել այդ վարչաձեւը: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ ազնուութիւն չէ մասնակից դառնալ պետական հաստատութիւններու հարստահարման եւ դուրս քալէ ետք քննադատել այդ վարքը: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ երկիրը արկծախնդրութիւններէ զերծ պահելու կոչեր արձակողները ինչպիսի դեր ունեցան սպաննութիւններու եւ այլ դաւերու կազմակերպման մէջ: Ժողովուրդը չէ մոռցած, որ Հոկտեմբեր 27-ի սպանդը կատարած Նայիրի Յունանեանը, իր արարքէն անմիջապէս ետք հեռախօսային կապ հաստատած է Հրանտ Մարգարեանի հետ, իմանալու համար թէ ե՞րբ պիտի հասնի խոստացուած օգնութիւնը:

Մենք հաւատացողն ենք մեր ժողովուրդի զգօնութեան եւ անշահախնդիր հայրենասիրութեան: Մեր ազգի գլխուն եկած դժբախտութեանց պատճառները պէտք է փնտռել իրենց անհատական կամ հատուածական մասնակի շահերը մեր ազգային ընդհանուր շահերէն վեր դասող եւ կամ այդ շահերը իրենց մենաշնորհը համարող մարդոց թիւր մտայնութեանց մէջ: Հետեւաբար, ջանք պէտք չէ խնայենք մերկացնելու այդ թիւր մտայնութիւնները, յօգուտ ազգային առողջ մտայնութեան զարգացման:

Ճիշտ այդ նպատակին կը ծառայէր «Մասիս»ի 3 Յունուար 2009-ի թիւով հրատարակուած մեր «Իշխանափոխութիւն՝ Մտայնափոխութեամբ» յօդուածը, ուր կը կարեւորէինք մտաւորականութեան դերը՝ «Բարելաւելու ժողովուրդի մտածելակերպը եւ գոյացնելու իր իրաւունքներուն գիտակից քաղաքացիական արթուն հասարակութիւն», ինչպէս նաեւ «Ժողովուրդի ուժաւորումով նպաստելու երկրի ու պետականութեան հզօրացման»:

Ճիշտ այդ նպատակին կը ծառայէր նաեւ «Մասիս»ի 10 Յունուար 2004-ի թիւով հրատարակուած մեր «Ժողովուրդի Քայլը» յօդուածը, ուր կը նշէինք. «Աշխարհի վրայ չկայ աւելի հզօր ուժ, քան համոզումով ու հաւատով զինուած ժողովուրդ մը, որ կը քալէ իր իտէալները մարմնաւորող առաջնորդի մը ղեկավարութեամբ: Անոր երթը յաղթական է ու չկայ արգելք, որ չկրնար յաղթահարել: …Ի՞նչպիսի ժողովուրդ մըն ենք մենք այսօր եւ դէպի ո՞ւր կ’երթանք: Ունի՞նք արդեօք նոյն ճակատագիրը դիմագրաւող մէկ ազգի զաւակներ ըլլալու գիտակցութիւնը»: Մեր յօդուածը կը վերջացնէինք հետեւեալ հաստատումով. «Մեր հարցումին պատասխանը ժողովուրդը պիտի տայ իր առնելիք քայլերով:» Հարկ եղաւ սպասել 14 տարի, մինչեւ որ ժողովուրդը քայլ առաւ, առաջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կատարուեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Թաւշեայ յեղափոխութեամբ Հայաստանի Գործադիր եւ Օրէնսդիր իշխանութիւններու բարեփոխումով, անոնց ճարտարապետ Նիկոլ Փաշինեանը հաւանաբար կ’ակնկալէր, որ ի տես այս բարեփոխումներուն առթած խանդավառութեան, դատաիրավական համակարգն ալ նոյնպիսի բարեփոխման կ’ենթարկէր ինքզինք: Բայց ոչ միայն այդ ակնկալութիւնը ի դերեւ եկաւ, այլ նախկինները նոյնիսկ չվարանեցան փորձել վարկաբեկել, խոչնդոտել ու ձախողեցնել կատարուած յառաջխաղացքը: Նախկին իշխանութեանց ծառայող դատաւորներու կողմէ Քոչարեանի երկրորդ անգամ ըլլալով կալանքէ ազատ արձակումը պատճառ դարձաւ, որ Փաշինեան դիմէ դատարաններու մուտքը արգիլելու մի քանի ժամուայ խորհրդանշական, բայց ոչ սահմանադրական քայլին, ազդարարելով, որ կարգը հասած է դատաիրավական համակարգի արմատական եւ հիմնական բարեփոխման: Բոլորիս համար յստակ է երկրէն ներս օրէնքի գերակայութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անկէ կախեալ է միւս բոլոր որլորտներու զարգացումը: Անոնք որոնք կատարուածին մէջ մազ կը փնտռեն, թող յիշեն ծախուած դատաւորներու պատճառաւ Հայաստանի մէջ իրենց դատը կորսնցուցած բայց Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ նոյն դատը շահածներու շարանը: Թող յիշեն կեղծուած ընտրութիւնները արդարացնող Սահմանադրական Դատարանի անիրաւ որոշումները: Թող յիշեն ժողովուրդի հարստահարման արդիւնք միլիոնատէր դարձած դատաւորներու շարանը:

Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան պատմութեան մէջ լրջանալու հրապարակային այս կոչը երկրորդն է: Առաջինը, ինչպէս մեր ընթերցողները կրնան յիշել, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Պատերազմ թէ՞ Խաղաղութիւն. Լրջանալու Պահը» կոչ/յօդուածն էր: Այդ կոչով, առաջին նախագահը դեղին քարտ ցոյց չտուաւ որեւէ մէկուն, այլ հրաւիրեց բոլորին, որ հրապարակային քննարկումներով անկեղծօրէն արժեւորեն օրուան իրավիճակը եւ ըստ այնմ որոշումներու յանգին: Դժբախտաբար, փոխանակ ընդառաջելու այդ կոչին, մարդիկ ամբոխավար ելոյթներով խեղաթիւրեցին իրականութիւնները, ծածկելու համար իրենց մերկ մտածողութիւնը: Ազգովին ձեռքէ տուինք կարեւոր առիթ մը, համազգային քննարկմամբ լուծումներ որոնելու մեր խնդիրներուն, եւ չարաչար տուժեցինք:

Այսօր, նման առիթ մը դարձեալ ներկայացած է մեզի: Ո՞րն է մեր ընելիքը: Կառուցողական թէ՞ քանդիչ մօտեցում կը դրսեւորենք: Մեր համեստ կարծիքով, ժամանակն է, որ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, Գործադիրէն եւ Օրէնսդիրէն ետք, հիմնովին բարեփոխէ Հայաստանի դատաիրավական համակարգը: Որպէսզի երկրէն ներս օրէնքի գերակայութիւնը ամրօրէն հաստատուի: Որպէսզի թէ՛ Հայաստանի քաղաքացին եւ թէ՛ սփիւռքահայը վստահութեամբ լծուին շինարար աշխատանքի, կերտելու իրենց երազած Հայաստանը:   ՄԻԱ՛ՅՆ այդ մարմինը իրաւասու է դեղին կամ կարմիր քարտ ցոյց տալու երկրի անդորրը խանգարողներուն: Այո՛, լրջանա՛նք:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment