Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկական «Ադամեան» Ապրանքանիշի Հեռուստացոյցները Պատրաստ են Ներկայանալ Սպառողին

Հայկական «Ադամեան» Ապրանքանիշի Հեռուստացոյցները Պատրաստ են Ներկայանալ Սպառողին

by MassisPost

Հայկական «Ադամեան» ապրանքանիշի հեռուստացոյցներու առաջին խմբաքանակն արդէն պատրաստ է, այն հաշուած օրերու ընթացքին կը ներկայանայ սպառողներուն: «Արմէնպրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Մայիսի 23-ին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան գիւղին մէջ գտնուող գործարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ  «Ինթերնէշնլ մանուֆաքչրինգ գրուպ» ՓԲԸ տնօրէն Ռամի Ճուտին:

«Այժմ օրական կը հաւաքենք մօտ 100-150 հատ հեռուստացոյց: Մօտ օրերս ատոնք կրնաք գտնել ՀՀ ողջ տարածքին մէջ գործող խոշոր մասնագիտացուած խանութ սրահներու մէջ»,- ըսաւ Ռամի Ճուտին:

Ընկերութեան տնօրէնը նշեց, որ թէեւ գործարանի բացումը տեղի  ունեցած էր 2018թ. Դեկտեմբեր 5-ին, իրենք արտադրութիւնը կրցած են սկսիլ միայն մայիսին, քանի որ կը սպասէին կառավարութեան կողմէ ներմուծման մաքսային արտօնութեան տրամադրման:

«Մենք կը սպասէինք կառավարութեան կողմէ մաքսային արտօնութեան տրամադրման, որովհետեւ այն գինը, որ մենք խոստացած էինք վաճառքի համար, չէինք կրնար սահմանել, եթէ նաեւ մաքսային տուրք վճարէինք: Արտօնութիւնը կառավարութիւնը մեզի տրամադրեց ապրիլին»,- նշեց տնօրէնը:

«Ինթերնէշնլ մանուֆաքչրինգ գրուպ» ՓԲԸ-ի հնգամեայ ներդրումային ծրագիրը բաղկացած է 3 փուլէ: Այժմ գործարանին մէջ հեռուստացոյցներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումները կը ներկրուին, որմէ յետոյ ատոնք կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ: Մէկ ու կէս ամիս անց ընկերութիւնը կը ծրագրէ գործարկել նաեւ երկրորդ հոսքը, որուն արդիւնքով կը սահմանուի 2000 օդորակիչ եւ 3000 հեռուստացոյց: Երկրորդ հոսքի գործարկման հետեւանքով ընկերութեան մէջ կը ստեղծուի եւս 30 աշխատատեղ: Հայկական արտադրութեան լուացքի մեքենաները, սառնարանները եւ օդորակիչները սպառողին կը ներկայանան «ԱՅՈ» (AIO) ապրանքանիշի ներքոյ:

«Ծրագիրի առաջին փուլը պիտի տեւէ 2 տարի: Երկրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 20% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումը պիտի իրականացուի այստեղ, 80% բաղկացուցիչ մասերը պիտի ներմուծուին: Այս փուլէն սկսած կենցաղային սարքաւորումներու ծրագրային ապահովման բոլոր աշխատանքները նոյնպէս կ’իրականացուին ՀՀ-ի մէջ: Փուլի տեւողութիւնը եւս 2 տարի է: Երրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 60% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումն արդէն կ’իրականացուի Հայաստանի մէջ, իսկ բաղկացուցիչ մասերու 40%-ը կը ներմուծուի: Այս փուլի տեւողութիւնը 1 տարի է»,- ըսաւ Ճուտին:

«Ինթերնէշնլ մանուֆաքչրինգ գրուպ» ՓԲԸ hասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Քնարիկ Առաքէլեան մեզի հետ զրոյցին նշեց, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի նաեւ արտահանել հայկական կենցաղային տեխնիկան, սակայն այդ հարցով կ՛ակնկալեն նաեւ ՀՀ կառավարութեան աջակցութիւնը:

«Մենք այժմ աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարենք արտադրանքը դէպի ԵԱՏՄ երկիրներ, մասնաւորապէս` Ռուսաստան արտահանելու ուղղութեամբ, եւ այս գործընթացին կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութիւնը»,- ըսաւ Առաքէլեան:

Գործարանին մէջ այժմ ստեղծուած է 13 աշխատատեղ` միջին 200 հազար դրամ աշխատավարձով: Գործարանի ամբողջական գործարկման պարագային կը ստեղծուի 60-70 աշխատատեղ` 200 000 դրամ միջին աշխատավարձով եւ տարեկան կ’արտադրուի 126 հազար միաւոր կենցաղային սարքաւորում: Մինչեւ օրս սահմանուած է 190 հեռուստացոյց: Առաջին խմբաքանակին կը նախատեսուի 1200 հեռուստացոյց:

«Ինթերնէշնլ մանուֆաքչրինգ գրուպ» ՓԲԸ-ն հայ-լիբանանեան-սուրիական համատեղ ներդրումային ծրագիր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment