Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մխիթար Հայրապետեան Կ՛առաջարկէ «Հայաստան» Հիմնադրամի Հաւաքագրած Գումարի Որոշակի Մասն Ուղղել Սփիւռքի Համայնքներու Ուժեղացման Ծրագիրներուն

Մխիթար Հայրապետեան Կ՛առաջարկէ «Հայաստան» Հիմնադրամի Հաւաքագրած Գումարի Որոշակի Մասն Ուղղել Սփիւռքի Համայնքներու Ուժեղացման Ծրագիրներուն

by MassisPost

Օրերս Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ սպորտի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանին ներկայացուցած է հիմնադրամը փաստացի համահայկական դարձնելուն միտուած առաջարկ, այն է` ամէնամեայ հեռուստամարաթոն-դրամահաւաքի արդիւնքով հաւաքագրուած գումարի որոշակի մասն ուղղել Սփիւռքի հայկական համայնքներու ուժեղացման տարբեր ծրագիրներու:

Ըստ Հայրապետեանի, սա Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն բոլորովին նոր քաղաքականութիւն վարելու իրենց նախընտրական ծրագիրի կէտերէն մէկն է, որուն շնորհիւ Հայաստան կարեւորագոյն դեր կ’ունենայ Սփիւռքի բազմազան համայնքներու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւներու ուժեղացման գործին մէջ, կ’աջակցի դժուարութեան մէջ յայտնուածներուն, կը լուծէ հրատապ խնդիրները:

Շարունակելով` Մխիթար  Հայրապետեան կ՛արձանագրէ, որ գործադիր տնօրէնի, անոր անձնակազմի եւ իր պատկերացումները լիովին կը համընկնին. Հայաստան-Սփիւռք կապի առողջացմանն ուղղուած այս հերթական քայլին պարոն Արշամեան մանրամասն կ’անդրադառնայ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստին ժամանակ` Յունիսին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment