Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Բնակչութեան 74,1 Տոկոսը Դրական կը Գնահատէ Փաշինեանի Կառավարութեան Վերջին 100 Օրուան Գործունէութիւնը. Gallup

Հայաստանի Բնակչութեան 74,1 Տոկոսը Դրական կը Գնահատէ Փաշինեանի Կառավարութեան Վերջին 100 Օրուան Գործունէութիւնը. Gallup

by MassisPost

«GALLUP International association»-ի իրականացուցած հարցումներու մասնակիցներու 74,1%-ը դրական գնահատած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեւաւորած կառավարութեան վերջին 100 օրուան գործունէութիւնը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին 22 Մայիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՃԻ» ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:

«Քաղաքացիներին խնդրել ենք գնահատել Փաշինեանի ձեւաւորած նոր կառավարութեան պաշտօնավարման 100 օրը: 53,8%-ը նշել է, որ աւելի շատ դրական է գնահատում, իսկ 20,3%-ը` լիովին դրական»,- ըսած է Նաւասարդեանը:

Հարցին պատասխանողներու 57,7%-ը նշած է, որ համաձայն է նոր կառավարութեան մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած նշանակումներուն:

Հարցախոյզի արդիւնքի համաձայն Հայաստանի մէջ քաղաքացիները ներկայ պահուն պետութեան առջեւ ծառացած ամենակարեւոր խնդիրը կը համարեն գործազրկութիւնը:

«Քաղաքացիներին խնդրել ենք նշել ըստ իրենց ներկայ պահին մեր պետութեան առջեւ կանգնած ամենակարեւոր խնդիրները: 45%-ը նշել է գործազրկութիւնը, 40,5%` տնտեսական վիճակը, 26,8%-ը`ցածր թոշակներն ու աշխատավարձերը, 26,1%-ը նշել է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը»,- ըսած է Նաւասարդեանը:

Հարցումներու համաձայն` արտագաղթը ամենակարեւոր խնդիր համարած են 10,5%-ը, փտածութիւնը` 7,4%-ը, ամենացած կարեւորութիւնը տուած են ահաբեկչութեան` 0,2%:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment