Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իշխանութեան Ով Ալ Ըլլայ, Մենք Նեցուկ Պիտի Կանգնինք». ՌԱԿ Վարչութեան Անդամ

«Իշխանութեան Ով Ալ Ըլլայ, Մենք Նեցուկ Պիտի Կանգնինք». ՌԱԿ Վարչութեան Անդամ

by MassisPost

Երեւանի մէջ ընթացք առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 28-րդ պատգամաւորական ժողովը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Առաւօտ» կայքը:

Աղբիւրը այս առիթով զրուցած է ՌԱԿ ընթացավար Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Ալեքսան Գարատանայեանին հետ:

Գարատանայեան անդրադառնալով կուսակցութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութեան ըսած է . «Իշխանութեան ով ալ ըլլայ, ինչ գոյն ալ ըլլայ, մենք նեցուկ պիտի կանգնինք»:

Հարցին, թէ ի՞նչ կարծիք ունիք ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու մասին, Գարատանայեան պատասխանած է. «Մենք ընդհանրապէս ՀՀ բոլոր իշխանութիւններուն հետ ալ համագործակցած ենք, քանի որ սփիւռքը պիտի գործակցի սփիւռքի, մշակոյթի եւ տարբեր նախարարութիւններու հետ, եւ ինքնաբերաբար սփիւռքի կառոյցները կամ կուսակցութիւնները պէտք է աշխատին իշխանութիւններուն հետ: Իշխանութիւնը ով ալ ըլլայ, ինչ գոյն ալ ըլլայ, մենք նեցուկ պիտի կանգնինք: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որ եղաւ, մեր կուսակցական շրջանակներն ալ բոլորը՝ մեծամասամբ նեցուկ կանգնեցան»:

ՌԱԿ վարչութեան անդամը նաեւ ընդգծած է. «Անշուշտ կ’ուզենք, որ ՀՀ-ն աւելի բարգաւաճի, աւելի լաւ տնտեսական իրավիճակ ունենայ եւ տնտեսական զարգացում ապրի», աւելցնելով, որ իրենց շարքերուն մէջ կան գործարարներ, որոնք պատրաստ են ներդրումներ կատարել, եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ:

Հարցին, թէ՝ ընդունելի կը համարեն վերջին շրջանին դատական համակարգին մէջ փոփոխութիւններու համար ընտրուած ճանապարհը, Ալեքսան Գարատանայեանը պատասխանած է. «Մենք 26 Մայիսին հանդէս պիտի գանք յայտարարութեամբ, երբ նոր վարչութիւնը ընտրուի: Ամէն օր կը հետեւինք զարգացումներուն: Սխալ կ’ըլլայ հիմա կուսակցութեան անունով յայտարարութեամբ հանդէս գամ»:

Յիշեցնենք, որ ժողովը պիտի աւարտի յառաջիկայ շաբաթ օր, որուն աւարտին կուսակցութիւնը պիտի ընտրէ նոր Կեդրոնական վարչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment