Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ Վիզայի Կարգը Կը Վերացուի

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ Վիզայի Կարգը Կը Վերացուի

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին կ՛որոշէ կայացուած Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձանց համար մուտքի արտօնագիրի պահանջը փոխադարձաբար վերացնելու մասին:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ իւրաքանչիւր կողմի պետութեան վաւեր անձնագիրներ կրող քաղաքացիները միւս կողմի պետութեան տարածք մուտք գործելուն, դուրս գալուն կամ տարանցիկ երթեւեկելուն կ՛ազատուին մուտքի արտօնագիրի պահանջէն իրենց մուտք գործելու ամսաթիւէն` մինչեւ 90 օր ժամկէտով` 180 օրուան ընթացքին:

«Կողմերը շահագրգիռ են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը շարունակ խորացնելու հարցով, ներառեալ` միջանձնային շփումներու եւ զբօսաշրջութեան խթանման միջոցով»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Համաձայնագիրը կը ստորագրուի Չինաստանի ԱԳ նախարարի` յառաջիկային Հայաստան նախատեսուած այցի ծիրէն ներս:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այս քայլը կ’աշխուժացնէ երկու երկիրներու շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment