Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաճնոյ Հերոսամարտի 100-ամեակին Ընդառաջ

Հաճնոյ Հերոսամարտի 100-ամեակին Ընդառաջ

by MassisPost

2020 թուականին պիտի նշուի Հաճընի հերոսամարտի 100-ամեակը։ Այս կապակցութեամբ  «Ա1+»-ը զրուցած է «Հաճըն» հայրենակցական միութեան ատենապետ, «Տեսակէտ» մամուլի ակումբի նախագահ Յովհաննէս Գրիգորեան-Ճարպիկեանի հետ։

1915 –ի կոտորածներէն ետք Հաճընցիները տարագրուելով աշխարհով մէկ՝ բնակութիւն հաստատած են Արժանթինի, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Հայաստանի, Յունաստանի մէջ եւ ստեղծած են հայրենակցական միութիւններ. պատմութեան յետադարձ ըրած է Գրիգոր-Ճարպիկեանը։

Հայրենակցական միութիւններ ստեղծելու նպատակը, ատենապետի խօսքով, այն էր, որ հնարաւոր ըլլայ պահպանել հայկական մշակոյթը, աւանդոյթները, անոնք սերունդներուն փոխանցել եւ կարողանալ հայկական հարցը բարձրացնել։

Առաջին միութիւնը՝ «Հաճըն» հայրենակցական միութեան կեդրոնական վարչութիւնը ստեղծուած է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ, 1930-ական թուականներուն։ Որմէ ետք՝ Ֆրանսայի, Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի մէջ, ուր նաեւ Հաճըն անունով թաղամաս կայ։ «Եւ 50-ական թուականներին արդէն Հայաստանում է ստեղծուել»,- նշած է Գրիգոր-Ճարպիկեանը։ 1958-ին  որոշ հաճընցիներ Կոտայքի մարզի Սիլաւոյ թաղամասը նմանցնելով Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքին՝ դիմած են իշխանութիւններուն ու թաղամասը անուանած են Նոր Հաճըն ու հիմնած քաղաքը։

Իսկ 100-ամեակին ընդառաջ՝ կը նախատեսուի կազմակերպել գիտաժողով՝ վերարժեւորելու հաճընցիական գաղափարը եւ մշակելու հաճընցիական ոգիի պահպանման ռազմավարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment