Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դաւիթ Տօնոյեան. Այսօրուան Հայաստանի Մէջ Հնարաւոր Չեն Դաւաճանական Գործողութիւններ

Դաւիթ Տօնոյեան. Այսօրուան Հայաստանի Մէջ Հնարաւոր Չեն Դաւաճանական Գործողութիւններ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ  Տօնոյեանը կը բացառէ, թէ որոշ ուժերու կամ գործիչներու կողմէ Հայաստանի նկատմամբ հնարաւոր  են դաւաճանական գործողութիւններ, ինչի մասին Կառավարութեանէն ներս հրաւիրած  խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վանաձորի մէջ «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան նախարարը ըսած է. – «Որպէս Պաշտպանութեան նախարար, ես թոյլ չեմ տայ, որ էդպիսի բան լինի: Այսօրուայ Հայաստանում հնարաւոր չէ դաւաճանական գործողութիւններ: Եւ բոլոր գործողութիւնները կը չէզոքացուեն հենց սկզբնաղբիւրում»:

Նիկոլ Փաշինեանը ըսած էր, որ «կան այնպիսի ուժեր եւ գործիչներ, ովքեր նախապատրաստում են դաւաճանական գործողութիւններ»: Երկրի ղեկավարը ըսած էր, որ վերլուծելով իրավիճակը, անոր տակ կը տեսնէ «ընդհուպ դաւադիր պատերազմ հրահրելու, անգամ որոշ տարածքներ յանձնելու եւ տեղի ունեցածի պատասխանատւութիւնը Հայաստանի կառավարութեան վրայ դնելու հեռահար նպատակ»:

Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան մասին հարցին նախարարը արձագանգած է. – «Ռազմական գործողութիւնները հնարաւոր է, որ իրականացուեն տարբեր պատճառներով: Հնարաւոր է»:

Նշենք, որ Պաշտպանութեան նախարարը Վանաձորի մէջ կը մասնակցէր բնակարանամուտի արարողութեան: Շահագործման յանձնուած է նախարարութեան միջոցներով վերակառուցուած քառայարկ բնակելի շէնքը, որ կիսաքանդ վիճակի մէջ էր խորհրդային տարիներէն ի վեր: Վանաձորի զօրամասերէն մէկու 48 սպաները կ’ապրին բարեկարգ պայմաններու մէջ: Շէնքի վերակառուցման վրայ նախարարութիւնը ծախսած է 320 միլիոն դրամ:

Դաւիթ Տօնոյեանը ըսած է, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: Ան նշած է, որ Երեւանի մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներ եւ զոհուած ու մահացած զինուորներու 55 ընտանիքներ անհատոյց, սեփականութեան իրաւունքով նորակառոյց շէնքի մէջ բնակարաններ պիտի ստանան յառաջիկայ օրերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment