Հայաստանի երկրորդ նախագահ, Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ, սահմանադրական կարգի տապալման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը, 18 Մայիսին, դատարանի որոշմամբ ազատ արձակուած է կալանքէն։ Քրէակատարողական ծառայութեան փոխանցմամբ, մեղադրեալ Քոչարեանը արդէն ազատութեան մէջ է։
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է խափանման միջոցը փոխելու որոշումը, որու համաձայն` Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակուած է անձնական երաշխաւորութեան դիմաց․ – «Ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխել, որպէս խափանման միջոց ընտրել անձնական երաշխաւորութիւնը»:
Պաշտօնաթող նախագահի համար երաշխաւորագիր ներկայացուցած էին Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանը՝ վճարելով 1 միլիոն դրամ։ Դատարանէն ներս նախագահները վերահաստատած էին իրենց երաշխաւորութիւնը այն մասին, որ ազատութեան մէջ Քոչարեանը կը դրսեւորէ պատշաճ վարքագիծ։
Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցները մեծ ոգեւորութեամբ, իսկ անոր ընդդիմախօսները՝ զայրոյթով ընդունած են դատաւորի որոշումը։