Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նիշանեան, 16 Մայիսին, Աթէնքի մէջ ՀՀ դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ՝ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանէն ստացած է ՀՀ անձագիր: Այս մասին Նիշանեան գրառւոմ կատարած է Ֆէյսպուքի իր էջին:
Ան, մասնաւորապէս, գրած է.
«Մէկ անգամ եւս հպարտութիւն զգացի՝ մաս կազմելով աշխատասէր ու խաղաղասէր ազգի, որ պատմութեան ընթացքին կանգուն մնացած է միայն իր աշխատանքին շնորհիւ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին ինծի արժանանալու այս պատուին»:
Յիշեցնենք, որ Նիշանեան, որ դատապարտուած էր բանտարկութեան, 14 Յուլիս 2017-ին դուրս եկած էր Ֆոչայի բանտէն (Նշանեան ենթակայ էր բաց բանտային ռէժիմի դրութեան) եւ չէր վերադարձած: Նիշանեան փախուստի մասին յայտնած էր թուիթըրեան իր էջին վրայ գրառում կատարելով, ուր ըսած էր. «Թռչունը թռաւ…»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մտաւորական լայն գործունէութիւն ծաւալած եւ տասնեակ հատորներու հեղինակ Նշանեան իր կերտած «Շիրինճէ»ի ամարանոցի ապօրինի ըլլալու մեղադրանքով դատապարտուած էր 17 տարուան բանտարկութեան: