Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Փեքինի Ողիմպիական Մարզադաշտը Ցնծութեամբ Ընդունեց Հայկական Քոչարին

Փեքինի Ողիմպիական Մարզադաշտը Ցնծութեամբ Ընդունեց Հայկական Քոչարին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Փեքինի Ազգային ողիմպիական մարզադաշտին մէջ ներկայ  գտնուած են «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի կալա համերգին: Ձեռնարկին ներկայ  եղած են նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինը, Սինկափուրի, Սրի Լանքայի, Յունաստանի նախագահները եւ Գամպոտիայի թագաւորը: Բացման խօսքով հանդէս  եկած է ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինը եւ ջերմօրէն ողջունած ներկաներուն:

Կալա համերգի ընթացքին «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակից  քանի մը տասնեակ պետութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկած են կատարումներով` ներկայացնելով իրենց ազգային մշակոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ  ունեցած է նաեւ Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթը Հայկական Քոչարի պարով:

kochari-beiging-2

«Երեկոյեան արդէն մեր Քոչարին հեռարձակուեց չինական ամենախոշոր հեռուստաընկերութիւններից մէկի՝ CCTV-ի եթերում», – ֆէյսպուքեան իր էջին տեղադրուած տեսանիւթը մակագրած է Աննա Յակոբեանը։

«Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակիցներու թիւը կ՛անցնի 2 հազարը` աշխարհի 47 երկրէ: Համաժողովին նպատակն է ամրապնդել Ասիական տարածաշրջանի պետութիւններու կապերը, ներառեալ` տնտեսական, խորացնել համագործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment