Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուշ Թէ Կանուխ, Արդարութիւնը Կը Յաղթանակէ

Ուշ Թէ Կանուխ, Արդարութիւնը Կը Յաղթանակէ

by MassisPost

Երեւանի մէջ սկսաւ «դարու դատավարութիւնը»: Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկրի նախկին նախագահը նստած է ամբաստանեալի աթոռին՝ պատասխանելու համար իր դէմ եղած շարքը մը ծանր մեղադրանքներուն, որոնցմէ գլխաւորը սահմանադրական կարգը տապալելու յանցանքն է:

2008 թուականի Մարտի 1-ի առաւօտեան, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ նստացոյց իրականացնող խաղաղ ցուցարարներու վրայ կատարուած յարձակումով սկսած եւ ապա՝ նոյն օրը երեկոյան Միասնիկեանի արձանին մօտ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդը ցրուելու նպատակով կատարուած անօրինական քայլերը պատճառ դարձան տասը անմեղ քաղաքացիներու սպանութեան: Օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը մեղադրուի՝ Սահմանադրութիւնը խախտելով Արցախի սահմաններէն բանակը մայրաքաղաք բերելու եւ ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն մասնակից դարձնելու մէջ:

Անցնող տասը տարիներուն Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլ առին պատահած դէպքերու շուրջ լուրջ քննութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ, ընդհակառակը, փորձեցին ծածկել իրականութիւնը: Այդ իսկ պատճառաւ, զոհերու հարազատներուն ու ժողովուրդի մօտ ձեւաւորուեցաւ այն կարծիքը, որ «Մարտի 1-ի» սպանդի բացայայտումն ու պատասխանատուները պատիժի ենթարկելու հարցը կրնայ լուծուիլ միմիայն երկրէն ներս իշխանափոխութիւն իրականանալէ ետք: Անցեալ Մայիսին այդ իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ու «Մարտի 1-ի» թղթածրարը դարձեալ բացուեցաւ:

Այս օրերուն Քոչարեանի սակաւաթիւ կողմնակիցներն ու փաստաբանական խումբի անդամները հրապարակը կ՛աղմկեն տարբեր բնոյթի վարկածներով ու արդարացումներով: Անոնք կը մեղադրեն վարչապետ Փաշինեանը՝ իր հակառակորդին դէմ վրէժխնդրութիւն կատարելու մէջ: Կ՛ամբաստանեն նախկին նախագահ եւ 2008 թուականի ժողովրդային շարժումի ղեկավար Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, իր կողմնակիցները «հակաօրինական» քայլերու մղելու մէջ: Քոչարեանի փաստաբանները կը յայտարարեն, որ ան տեղեակ չէ եղած թիւ «0038» խիստ գաղտնի հրամանագրի մասին, որու հիման վրայ բանակի ստորաբաժանումները բերուած էին Երեւան: Անոնք կը պնդեն որ, երկրի ղեկավարը տեղեակ չէ եղած«Ազատութեան» հրապարակին վրայ գիշերող ժողովուրդը ծեծ ու ջարդի ենթարկելու գործողութեան մասին:

Այնպէս կը թուի թէ, տասը տարի երկիրը երկաթեայ ձեռքերով ու միանձնեայ ղեկավարող Քոչարեանըշ ոչինչէ տեղեակ չէ եղած, ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարդելով ստորադաս պաշտօնեաներու վրայ:
Իրականութիւնը պիտի բացայայտուի ու բոլոր հարցերու պատասխանները պիտի տրուին դատավարութեան ընթացքին, որ կրնայ տեւել ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ: Դատախազները կը պատրաստուին բաց դատավարութեան ընթացքին հարցաքննել 800 վկաներ: Պաշտպան փաստաբանները առայժմ ներկայացուցած են միայն 10 վկաներու անուններ:

Քոչարեանի դատավարութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ ոչ միայն անոր մէջ, որ վերջապէս ճշմարտութիւնը ի յայտ պիտի գայ, այլ անոր համար, որ այսուհետեւ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար կրնայ ունենալ այն խաբկանքը, որ կարելի է ժողովուրդի դէմ բռնի ուժ գործադրել ու մնալ անպատիժ:

Քոչարեանի ու իր միւս մեղսակից ընկերներու դատավարութիւնը անգամ մը եւս կու գայ ցոյց տալու թէ, արդարութիւնը կրնայ երբեմն ուշանալ, սակայն երբեք չի կրնար ուշ համարուիլ, քանի որ, օրին մէկը ան անպայման կը յաղթանակէ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment