Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպած է Տանըլտ Թրամբի Յատուկ Օգնականին Հետ

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպած է Տանըլտ Թրամբի Յատուկ Օգնականին Հետ

by MassisPost

Սկիզբ առած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի աշխատանքային այցը ԱՄՆ։

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի յատուկ օգնական ու ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի ու Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի  քարտուղարի մամլոյ խօսնակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Գրիգորեանը կարեւորած է ԱՄՆ-ի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, դերակատարութիւնը Ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Հիլը, իր հերթին, նշած է տարբեր մակարդակներու վրայ հայ-ամերիկեան գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Կողմերը քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, ներդրումներու եւ ֆինանսական աջակցութեան հնարաւորութիւնները։

Կարեւորուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական գործընթացներուն ու ոստիկանութեան համակարգի բարեփոխումներուն ամերիկեան աջակցութիւնը։

Հանդիպման մասնակիցները անգամ մը եւս ընդգծած են ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծման կարեւորութիւնը, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment