Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մենք Հայաստանէն Չենք Խնդրեր Դադրեցնել Իրանի Հետ Առեւտուրը. Հայաստանի Մօտ ԱՄՆ-ի Դեսպան

Մենք Հայաստանէն Չենք Խնդրեր Դադրեցնել Իրանի Հետ Առեւտուրը. Հայաստանի Մօտ ԱՄՆ-ի Դեսպան

by MassisPost

ԱՄՆ-ն կը հասկնայ, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է հարաւային սահմանը, կարեւոր է առեւտուրի եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին 15 Մայիսին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս կրնան ազդել Հայաստանի վրայ:

«Մենք չենք խնդրեր, որ Հայաստանը դադրեցնէ Իրանի հետ իր առեւտուրը: Մենք շահագրգռուած չենք այս երկրի եւ շատ կարեւոր հարեւանի միջեւ օրինական առեւտուրին միջամտութեամբ»,- ըսած է ան՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնները:

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ Ուաշինկթընը միջազգային գործընկերներէն կը խնդրէ միանալ իրեն՝ դիմակայելու «ապակայունացնող այն վարքագիծին», որ չի համապատասխաներ միջազգային հանրութեան մաս ըլլալ ցանկացող  կառավարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment