Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

by MassisPost

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու 13 Մայիսին այցելած է Իսթանպուլի Գում Գափու թաղամասին մէջ գտնուող Պոլսոյ պատրիարքարան: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ֆէյսպուքեան էջը:

Կը հաղորդուի, որ թուրք նախարարը հիւրընկալուած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի կողմէ: Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Պոլսոյ համայնքային գործիչ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:

Ներկայ եղած են նաեւ Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ Կրօնական ժողովի անդամները: Հանդիպումը եղած է փակ եւ տեւած է 40 վայրկեան:

Որոշուած է տեղապահի ընտրութիւնները կայացնել 24 Յունիսին կամ անոր յաջորդող օրերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment