Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան-Ալիեւ Կարճ Զրոյց՝ Պրիւքսէլի մէջ

Փաշինեան-Ալիեւ Կարճ Զրոյց՝ Պրիւքսէլի մէջ

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակի միջոցառումներուն մասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կարճ զրուցած են ընթացիկ իրավիճակի շուրջ։

Հայաստանի վարչապետը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ դեռ չեն յստակեցուցած յաջորդ բանակցութիւններու օրն ու վայրը։

«Հնարաւոր չէ լուծել որեւէ հակամարտութիւն` կեդրոնանալով միայն ներգրաւուած կողմերից մէկի շահերի վրայ, որովհետեւ կարծում եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ամենակարեւոր խոչընդոտը Ատրպէյճանի դիրքորոշումն է` չերկխօսել Ղարաբաղի հետ: Ճշմարտութիւնն այն է, որ այս հակամարտութիւնը երեք կողմ ունի` Ատրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան: Մենք կարծում ենք, որ շատ կարեւոր է ունենալ բանակցային պատշաճ շրջանակ, որ հնարաւոր լինի լուծել այս հակամարտութիւնը», – նշած է Հայաստանի վարչապետը։

«Ազատութեան» հարցին՝ նորէն հանդիպելու ծրագրեր կա՞ն, Հայաստանի վարչապետը պատասխանած է. – «Դեռ ծրագրեր չկան, բայց վստահ եմ` որ բանակցութիւնները շարունակուելու են: Շատ կարեւոր է, որ Լեռնային Ղարաբաղը վերադառնայ բանակցային սեղանի շուրջ, դա շատ կարեւոր է: Առանց Լեռնային Ղարաբաղի հնարաւոր չէ ունենալ հարցի իրական կարգաւորում»։

Փաշինեանն ու Ալիեւը Եւրոմիութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած էին Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի անունով տրուած ճաշին` Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակի առթիւ:

Այնտեղ էին նաեւ Ուքրանիոյ գործող նախագահը, Մոլտովայի եւ Վրաստանի վարչապետերը: Տանըլտ Թուսք ըսած է, որ այս վեց երկիրները եւրոպական ընտանիքի անդամներ են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment