Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեանը Պէտք է Որպէս Երաշխաւորներ Դատարան Ներկայանան

Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեանը Պէտք է Որպէս Երաշխաւորներ Դատարան Ներկայանան

by MassisPost

«Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց դադարեցնելու պարագայում վերջինս կը դրսեւորի պատշաճ վարքագիծ, չի խոչընդոտի գործի քննութեանը, չի խուսափի վարոյթն իրականացնող մարմին ներկայանալուց, չի կատարի Քրէական օրէնսգրքով նախատեսուած որեւէ արարք»։ Դատական նիստի ընթացքին Արցախի գործող եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի ու Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը ընթերցած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեանը։

Ըստ փաստաբանին, անոնք նաեւ կ’երաշխաւորեն ազատութեան ընթացքին Քոչարեանի՝ դատավարութեան ներկայանալը, կը խնդրեն կալանաւորումը փոխել ազատութենէն չզրկելու հետ կապուած խափանման միջոցով, պատրաստ են կատարել օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերը։

Դատաւոր Գրիգորեանը մանրամասնած է, երաշխաւորողները պէտք է ներկայանան դատարան, դատարանը անոնց պէտք է տեղեակ պահէ իրենց իրաւունքներու ու պարտականութիւններու մասին։

«Պէտք է դատարանը համոզուի նրանց կամարտայայտութեան առումով։ Ապա կը լսի միւս կողմի կարծիքն ու կը քննարկի միջնորդութիւնը»,-ըսած է դատաւորը։

Ալումեանը առաջարկած է, մինչ նախագահներէն միւս պաշտպանը կը ճշդէ, թէ երբ կրնան ներկայանալ դատարան, անցնին միւս հարցերու քննարկման։ Ալումեանը ներկայացուցած է միջնորդութիւն Սահմանադրական դատարանի դատաւորները դատարան հրաւիրելու ու հարցաքննելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment