Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատաւորը Մերժած է Ինքնաբացարկ Յայտարարելու Քոչարեանի Պաշտպանական Խումբի Միջնորդութիւնը

Դատաւորը Մերժած է Ինքնաբացարկ Յայտարարելու Քոչարեանի Պաշտպանական Խումբի Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժած է Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբի միջնորդութիւնը ինքնաբացարկ ներկայացնելու մասին եւ, ըստ էութեան, Դաւիթ Գրիգորեանը որոշած է, որ պիտի շարունակէ քննել Քոչարեանի եւ միւսներու գործը։

Դատական նիստը մեկնարկած է 13 Մայիսին, եւ դեռ դատարանը կը քննէ բացառապէս Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցը։ Փաստաբանական կողմը կը պնդէ, որ Դաւիթ Գրիգորեանը, որ նախապէս հրաժարած է քննել Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցը, չի կրնար առարկայական ըլլալ։

Այս որոշումէն ետք իրաւական վէճ ծագած է դատարանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբի միջեւ, անոնք ծանօթանալով ինքնաբացարկի մերժման մասին որոշման, նշած են, որ դատարանը բացի այդ որոշումը քննելէ նաեւ պէտք է խափանման միջոցի հարցը քննէր, բայց այդ չի քննած։ Դատարանը կը փորձէր համոզել, որ Քոչարեանի պաշտպանական կողմը այդքան ալ ճիշդ չէ, եւ, ըստ ընթացակարգի, խափանման միջոցի հարցը պիտի քննուի։

Այս պահուն մեղադրող կողմը՝ դատախազները, իրենց փաստարկները կը ներկայացնեն այն մասին, որ Քոչարեանը պէտք է շարունակէ մնալ կալանքի տակ։

Դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը նշած է, որ երբ Ռոպերթ Քոչարեանը կը գտնուէր ազատութեան մէջ, ճիշդ է, քրէական գործին չէր խոչընդոտեր, բայց ցանկութիւն յայտնած էր բացակայելու երկրէն, ինչը իրենք դիտարկած են որպէս փախուստի վտանգ։ Անկէ ետք դատարանը որոշ հարցեր տուած է դատախազներուն՝ փորձելով ստանալ այն հարցի պատասխանը, թէ ի՞նչ հիմք ունին այդ կասկածները, որ Քոչարեանը պէտք է մեկնէր երկրէն, եւ այլն։

Դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը, ամէն պարագայի, շարունակած է պնդել, որ այս փուլին Ռոպերթ Քոչարեանը պէտք է մնայ կալանքի տակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment