Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկած է Ռոպերթ Քոչարեանի Գործով Դատական Նիստը

Մեկնարկած է Ռոպերթ Քոչարեանի Գործով Դատական Նիստը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան Նոր Նորքի դատարանին մէջ` դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով դատավարութիւնը։  Նիստին քննարկուած է անոր նկատմամբ ընտրուած  խափանման միջոցի՝ կալանաւորման  հիմնաւոր ըլլալ-չըլլալու հարցի քննութիւնը, կը տեղեկացնէ «Փաստինֆօն»:

Նիստին մասնակցած է ՀՀ երկրորդ նախագահը, որուն դիմաւորած են ծափողջոյններով։

Ներկայ եղած է նաեւ գործով մեղադրեալ Եուրի Խաչատուրովի պաշտպան Միհրան Պօղոսեանը:

Մեղադրանքը դատարանին մէջ կը պաշտպանեն դատախազներ Պետրոս Պետրոսեանը, Երեւան քաղաքի գլխաւոր դատախազ Բիշարեանը, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:

Դատարանը օրուայ աւարտին անցած է խորհրդակցական սենեակ՝ Քոչարեանի պաշտպաններու ներկայացուցած ինքնաբացարկի միջնորդութեան վերաբերեալ որոշում կայացնելու։

Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը որոշումը պիտի հրապարակէ 14 Մայիսին։

kocharian trial 2

 Դատավարութեան Ընթացքին Տեղի Ունեցած են Հակադիր  Ցոյցեր
Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ դատավարութիւնը ուղեկցուած է Քոչարեանի խումբ մը աջակիցներու բողոքի ցոյցով՝ «Ազատութիւն Ռոպերթ Քոչարեանին» պաստառներով եւ վանկարկումներով:

Ցուցարարներու ու քաղաքացիական աքթիւիսթ Վարդգէս Գասպարիի միջեւ միջադէպ տեղի ունեցած է. վերջինս եկած էր «Ռոպիկ մարդասպան» պաստառով, ինչը վրդովեցուցած էր Քոչարեանի աջակիցները: Քաշքշուկ սկսած էր, երկրորդ նախագահի աջակիցները աքթիւիսթի ձեռքէն խլած են պաստառը, անոնցմէ մէկը շիշով հարուածած է Գասպարիի դէմքին:

Ոստիկանները դատարանի միջանցքէն դուրս հանած են միջադէպի մասնակիցները: Վարդգէս Գասպարին անգործութեան մէջ մեղադրած է ոստիկանութեան ներկայացուցիչները՝ իր նկատմամբ բռնութիւնը չկանխելու համար:

Իսկ Քոչարեանի աջակիցներէն Սերկէյ Սարժումեանը խոստովանած է, որ պաստառը ինք խլած է, աւելցնելով, որ իրենք թոյլ չեն տար, որ նման պաստառներով գան այստեղ ու խախտեն անմեղութեան կանխավարկածը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment