Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Արցախի Մէջ Հակայեղափոխութեան Օճախ Ձեւաւորուի, Արցախի Ազգաբնակչութիւնը Զայն Պիտի Խեղդէ. Անդրանիկ Քոչարեան

Եթէ Արցախի Մէջ Հակայեղափոխութեան Օճախ Ձեւաւորուի, Արցախի Ազգաբնակչութիւնը Զայն Պիտի Խեղդէ. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

«Եթէ Արցախում հակայեղափոխութեան օճախ ձեւաւորուի, Արցախի ազգաբնակչութիւնը հենց բնօրրանում կը խեղդի», -Ազգային ժողովէն ներս ճեպազրոյցներու ժամանակ, «Ազատութեան» հարցի ի պատասխան, ըսած է Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Անդրանիկ Քոչարեանը։

9 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղ այցէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բաւական ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ՝ ֆէյսպուքեան իր էջին գրելով. – «Մամուլում շատ է գրւում, թէ ոմանք փորձում են Արցախը դարձնել հակայեղափոխութեան օճախ: Եթէ ոմանք փորձեն Արցախը դարձնել հակայեղափոխութեան օճախ, Արցախի ժողովուրդն այն կը դարձնի յեղափոխութեան օճախ»: Փաշինեանը չէր մանրամասնած, թէ որու նկատի ունի:

Հարցին, թէ արդեօք նման հակայեղափոխական զարգացումներու միտումներ կը տեսնեն Արցախի մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը պատասխանած է, թէ հնարաւոր է որոշ ուժեր Արցախը դիտարկեն իբրեւ քաղաքական գործընթացներու  հարթակ: Բայց Փաշինեանը զգուշացուցած է, որ այդ մէկը անթոյլատրելի է, եւ եթէ մէկուն մտքով նման բան անցնի, ապա այդպիսով իսկ կը տկարացնէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անվտանգութեան միասնական համակարգը․ – «Նման միտումներ եթէ լինեն, դա Արցախի ազգաբնակչութիւնը ինքը հենց բնօրրանում կը խեղդի: Չկասկածէք»:

Իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը վերահաստատած է Փաշինեանի խօսքերը՝ մտահոգուելու որեւէ առիթ չկայ, քանի որ հակայեղափոխութեան ցանկացած փորձ կ’աւարտի յեղափոխութեամբ:

«Պէտք է ուղղակի խելագար լինել սա չհասկանալու համար: Իսկ ես չեմ կարծում, որ Հայաստանում կամ Արցախում խելագարներ կան այս առումով», – ըսած է Ռուբինեանը:

Նշենք, որ վերջին օրերին սուր բանավէճ ծաւալած էր Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանի միջեւ: Ըստ էութեան նաեւ վիրաւորական գնահատականներ հնչած էին:

\«Ազատութեան» հարցին՝ մտահոգիչ կը համարէ՞, որ Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրար հասցէի գրեթէ վիրաւորական յայտարարութիւններ կ’ընեն, Ռուբէն Ռուբինեանը պատասխանած է․ – «Ինձ համար ոչ թէ մտահոգիչ է, այլ ցաւալի է: Ցաւալի է պարոն Բալասանեանի համար»:

Անդրանիկ Քոչարեանը հարկ համարած է աւելցնել․ – «Պարոն Բալասանեանը հանդիսանում է Արցախի անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարը: Անվտանգութիւն բառը ասում է ամէն ինչ: Այդպիսի պաշտօն զբաղեցնող անձը, անկախ իր նախկին ծառայութիւններից պետութեան նկատմամբ, Արցախի նկատմամբ, մեր յաղթանակների նկատմամբ, այդ ծառայութիւնները վերջին հաշուով գնահատուած են, բայց գործողութիւնները, որոնք կը թուլացնեն այդ անվտանգութիւնը, անթոյլատրելի են: Իրաւունք չունի որեւէ պաշտօնեայ նման քաղաքական յայտարարութիւններով հանդէս գալ, որը թուլացնում է մեր երկու պետութիւնների անվտանգութեան համակարգը: Եթէ նկատում էք, վերջին երկու օրը ոնց որ թէ նաեւ մեր հանրութեան վրայ որոշակի բացասական ազդեցութիւն է թողել: Եւ այդ պաշտօնատար անձի յայտարարութիւնը ոչ միայն վտանգել է մեր անվտանգութեան համակարգը, այլ նաեւ մեր հանրային ինքնասիրութիւնն է վիրաւորել: Չի կարելի էդպիսի բան անել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment