Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ կառուցողական գործընկերութեան շարունակական խորացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, որ կը գտնուի ժողովրդավարական արմատական բարեփոխումներու փուլի մէջ եւ առաջ կը շարժի ժողովրդավարութեան համակարգային ու տնտեսապէս հզօրացման ճանապարհով:
ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալը նշած է, որ ուրախ է կրկին այցելելու Հայաստան՝ այս անգամ արդէն խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւ հայկական կողմի հետ քննարկած համագործակցութեան օրակարգը: Ճորճ Քենթի խօսքով՝ ԱՄՆ-ն հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ եւ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն հանդիսացող ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեամբ:
Զրուցակիցները քննարկած են փոխշահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերող հարցեր:
Որպէս կարեւոր ուղղութիւն՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է դատական համակարգի բարեփոխումներու, փտածութեան դէմ պայքարի, նաեւ ընտրական եւ ոստիկանական ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը: Անդրադառնալով տնտեսական կապերու զարգացման հնարաւորութիւններուն՝ կառավարութեան ղեկավարը հեռանկարային համարած է ջրամբարաշինութեան, ենթակառուցուածքներու, արհեստագիտութիւններու, շրջակայ միջավայրի ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը:
Ճորճ Քենթը նշած է, որ ԱՄՆ-ն կ’ողջունէ Հայաստանի՝ ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական առաջընթացի, ինչպէս նաեւ տարբեր ուղղութիւններով քայլերը եւ պատրաստ է աջակցելու ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման գործընթացին:
ՀՀ վարչապետը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալը միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ գործընթացներու շուրջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յաջողութիւն մաղթած է միջկառավարական յանձնաժողովի՝ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան 7 Մայիսին կայանալիք նիստին: