Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարա կը Դատապարտէ Գուրգէն Եանիքեանի Վերայուղարկաւորումը Եռաբլուրի Մէջ

Անգարա կը Դատապարտէ Գուրգէն Եանիքեանի Վերայուղարկաւորումը Եռաբլուրի Մէջ

by MassisPost

Թուրքիան կը դատապարտէ Գուրգէն Եանիքեանի վերայուղարկաւորումը Եռաբլուրի մէջ: «Անատոլու» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ նախօրէին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք 1973 թուականի 27 Յունուարին Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Մեհմէտ Պայտարի եւ հիւպատոս Պահատիր Տեմիրի սպանութիւններուն պատասխանատու հայ ահաբեկիչ Գուրգէն Եանիքեանի վերայուղարկաւորումը Երեւանի ռազմական գերեզմանատան մէջ», – նշած է թրքական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը՝ աւելցնելով. – «Դաժան ահաբեկիչի հերոսացումը հաւասարազօր է ահաբեկչութեան գաղափարներու տարածման եւ իր բնոյթով յանցագործութիւն է»:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) հոգեհայր նկատուող Գորգէն Եանիկեանի մասունքներու Եռաբլուրի մէջ վերայուղարկաւորումը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի, Մայիս 5-ին: Թաղման կարգը կատարեց Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբաններէն՝ Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփագեան մասնակցութեամբ խումբ մը հոգեւորականերու:

ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան եւ ՀՄՄ-ի սկաուտները արարողութեան ընթացքին

ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան եւ ՀՄՄ-ի սկաուտները արարողութեան ընթացքին

Այս առթիւ ելոյթներ ունեցան «Հայկական ժողովրդային շարժման» ներկայացուցիչներ:
Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան եւ ՀՄՄ-ի սկաուտներ, որոնք պատուոյ պահակ կանգնեցան թափօրի Եռաբլուր ժամանման պահուն:

Արարողութեան ներկայ էին ու Եանիքեանի յիշատակը յարգեցին մեծ թիւով քաղաքացիներ:

Հայ ազատագրական պայքարի հերոս, գրող, ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիքեանը ծնած է 1895-ին, Էրզրում (Արեւմտեան Հայաստան): Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Եանիքեանը 27 Յունուար 1973-ին, 78 տարեկանին, ԱՄՆ Սանթա Պարպարա քաղաքին մէջ գնդակահարած էր Թուրքիոյ հիւպատոսը ու անոր օգնականը, որմէ ետք ան ինքնակամ ներկայացած էր ԱՄՆ իրաւապահ մարմիններուն եւ դատարանին մէջ խիզախօրէն պաշտպանած էր հայոց ոտնահարուած իրաւունքներու հարցը:

Եանիքեանը 2 Յունիս 1973-ին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: 1984-ին, վատառողջ եւ ֆիզիկապէս տկարացած, բանտէն փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ 17 օր ետք, 27 Փետրուարին մահացաւ հիւանդանոցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment