Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ատամ Շիֆի Գրասենեակը կը Հերքէ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանի Հետ Հանդիպման Լուրը

Ատամ Շիֆի Գրասենեակը կը Հերքէ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանի Հետ Հանդիպման Լուրը

by MassisPost

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆի գրասենեակը կը հերքէ 26 Ապրիլին տարածուած տեղեկութիւնը այն մասին, որ քոնկրէսականը հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի հետ. լուրը տարածուած է կեղծ կայքի միջոցով, անկէ օգտուած են ինչպէս հայկական, արաբական, այնպէս ալ օտարալեզու բազմաթիւ լրատուամիջոցներ:

Ատամ Շիֆի գրասենեակէն հաղորդած են, որ կայքը եւ նկարագրուած հանդիպումը ամբողջովին ապատեղեկատւութիւն է: «Վերջերս ստեղծուած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆի անունով կեղծ կայքէջ, որ հրապարակած է մամուլի հաղորդագրութիւն՝ նկարագրելով քոնկրէսական Շիֆի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի հանդիպումը: Նման հանդիպում չէ կայացած, եւ քոնկրէսական Շիֆը երբեք յիշատակուած թեմաները չէ քննարկած Սէուտական կառավարութեան հետ:

Քոնկրէսական Շիֆը քայլեր պիտի ձեռնարկէ՝ կանխելու ապատեղեկատւութեան տարածման այս քայլերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment