Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան. «Հայերու Տեղահանութիւնը Ոչ Ցեղասպանութիւն էր, Ոչ ալ Մեծ Աղէտ»

Էրտողան. «Հայերու Տեղահանութիւնը Ոչ Ցեղասպանութիւն էր, Ոչ ալ Մեծ Աղէտ»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում  կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) ժողովին ժամանակ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ ներկայացնելով արխիւները բանալու թրքական հերթական կոչերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:

«Հայերու տեղահանութիւնը ոչ ցեղասպանութիւն էր, ոչ ալ մեծ աղէտ։ Անիկա սոսկ ցաւալի իրադարձութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցած է մէկ դար առաջ շատ ծանր պայմաններուն մէջ»,- յայտարարած է Էրտողանը, ապա անդրադարձած Թուրքիան մեղադրողներուն:

«Թուրքիան մեղադրողներուն յիշեցնենք, որ անոնք պատասխանատու են 1-ին եւ 2-րդ համաշխարհային պատերազմներուն զոհուած 70 միլիոն մարդոց համար։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը պէտք է լաւ գիտնայ ատիկա։ Պարոն Մաքրոն, Ֆրանսայի մէջ ապրող շուրջ 700 հազար հայերուն ուղերձ յղելը բնաւ պիտի չփրկէ քեզ։ Քաղաքականութեան մէջ նախ սորվիր ազնիւ ըլլալ»,- յորդորած է Թուրքիոյ նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ին Էրտողանը յայտարարած էր, որ հայերու տեղահանութիւնը ամենաողջամիտ որոշումը եղած է այդ ժամանակաշրջանին համար։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած են Թուրքիոյ նախագահի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment