Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փորթուկալիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Փորթուկալիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Փորթուկալիոյ  խորհրդարանը  ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Այս մասին գրառում կատարած է Արցախի  Հանրապետութեան Միջին Արեւելքի  մշտական ներկայացուցչութեան  (նստավայրը՝ Պէյրութ)   խորհրդական Պետօ Տէմիրճեանը։  Կը նշուի նաեւ, որ ճանաչման նիստը կայացած է  26  Ապրիլին  Փորթուկալիոյ մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ։

Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ 1915֊ի Ապրիլի 24֊ին երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով բանտարկուած, ապա սպաննուած են շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ հասարակական առաջնորդներ։ Արձանագրուած է, որ 800 հազարէն մինչև 1.5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան զոհ դարձած են։

«Օսմանեան իշխանութեան կողմէ հայերու սիստեմատիկ բնաջնջումը պատմաբաններու միջազգային հանրութեան կողմէ կը համարուի  20֊րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»,֊ ըսուած է բանաձեւին մէջ։

Փորթուկալիոյ  խորհրդարանը   ցաւ կը յայտնէ հայերու ցեղասպանութեան զոհերու կապակցութեամբ՝ անոնց յիշատակը դիտարկելով որպէս ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան էական տարր։ Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ թէեւ օսմանեան ռազմական դատարանները ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն 1919-1920֊ին դատապարտել են մահապատժի, սակայն այդ դատավճիռները կեանքի չեն կոչուած։ Խորհրդարանը կը յայտարարէ, որ հաշուի առնելով աշխարհի մէջ ազգայնականութեան, քսենոֆոպիայի և անհանդուրժողականութեան ներկայ մակարդակը, անցեալի տառապանքի յիշողութիւնն էական նշանակութիւն ունի։

Այսկերպ խորհրդարանը կը վերահաստատէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանն ուղղուած իր յանձնառութիւնը եւ կը ընդգծէ ժողովուրդներու, կրօնքներու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Բանաձեւը նաեւ կը նշէ, որ նոյն ցեղասպանութեան քաղաքականութեան զոհ են դարձած նաև Օսմանեան կայսրութեան այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները։

Յիշեցնենք, որ   վերջին շրջանին  այս երկրորդ դէպքն է, որ կը գրանցուի եւ   շուրջ  տաս  օրեր   առաջ  Իտալիոյ ներկայացուցիչներու   պալատը նոյնպէս նման   ծանրակշիռ վճիռ մը  արձակած էր  եւ     աւելի  վճռական մօտեցումներով   ընդուած  Հայոց Ցեղասպանութեան   փաստը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment