Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Յուշեր, Ապրուած Կեանքեր ու Տակաւին…

Յուշեր, Ապրուած Կեանքեր ու Տակաւին…

by MassisPost

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

jebejian self

«Մատեան իմ այս, կեանքիս թողօն քո մօտ լինի, կայծ մը գործօն»:

Յուշերն ու յուշագրութիւնները կարեւոր գրականութիւն են` անհատի ու հաւաքականութեան մը պատմութեան եւ կեանքի շարունակականութեան համար: Եւ ինչպէս որ յաճախ գրուած եւ խօսուած է` «անցեալը լաւ գիտնալով է, որ ապագան կրնանք կերտել»: Եւ այս իմաստով` յուշագրութիւնները կարեւոր կը դառնան` որպէս անցեալի պատմութիւն-նուաճում` սերտելու պատահածը եւ վերլուծելու ու անոր միջոցաւ կերտելու ապագան: Եւ այս` մարդուն ու հաւաքականութեան ու տակաւին ժողովուրդ-երկիր եւ պետականութիւն:

Եւ հայ ժողովուրդի համար ալ կարեւոր տեղ կը գրաւեն յուշերը եւ յուշագրութիւնը: Եւ ինչ խօսք, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, ու տակաւին հայուն նոյն պատմութեան ահաւոր «խաչմերուկը»` Ցեղասպանութիւնը լեցուցած է հայուն յուշագրութիւնները, ահաւոր եղելութիւններով: Իւրաքանչիւր հայ ունի իր յուշագրութիւնը: Անոնք որոնք պահուած ու հրատարակուած են, ու շատ-շատեր մնացած խօսակցական ու պատմութեան մէջ` որպէս անտիպ յուշագրութիւն:

Իմ ընտանիքիս պատմութեան մէջ ալ յուշագրութիւնը ունի կարեւոր հիմք: Եթէ մէկ կողմէ կայ իմ անձնական հետաքրքրութիւնս եւ պրպտումներս, սակայն նաեւ ընտանեկան պարագաներու եւ յատկապէս հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի յուշագրութիւնը, որուն հրատարակած լայնածաւալ հատորը իր մէջ կը ներառէ իր ապրած կեանքը: Ցեղասպանութենէ սկսած տեղահանումի իր յուշերը եւ Հալէպի ու սուրիահայութեան կեանքի կազմաւորումը եւ իր մասնակցութիւն-վկայութիւնը զինք դարձուցած են հալէպահայ գաղութի գլխաւոր կերտիչներէն մէկը: Եւ իրեն համար ալ Հալէպը միշտ ալ մնաց «սփիւռքահայութեան ամրոց»-ը: Եւ այս բոլորը ապրուած կեանքեր են, որոնք կու տան ու կը կերտեն կեանքի հիմքն ու արժէքը: Բայց նաեւ կը դառնան կարեւոր գրաւական` կեանքերը տեսնելու հորիզոնէն անդին` ապագայի տեսլականով:

Եւ այս յուշագրութիւնները ինծի համար դարձած են կեանքի արժէք: Անոնց վրայ կ՛աւելնան իմ ընտանեկան լուսանկարներու լման հաւաքածոն` ներառելով նաեւ քսան եւ հինգ մեր գերդաստանի նահատակները Ցեղասպանութեան օրերուն: Նաեւ հօրեղբօրս յուշագրութիւնները` մէկ հատորի մէջ ամփոփուած: Ու տակաւին մեծ հօրս` տոքթ. Աւետիս Ճէպէճեանի Օսմանեան բանակի մէջ ծառայած տարիներուն առած վկայութիւնները, որոնք նոյնպէս ամփոփուած են հատորի մը մէջ:

տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան

տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան

Հօրեղբօրս յուշագրութիւնները կը սկսին իր ու ընտանիքին Այնթապէն տեղահանումէն եւ հասնելով … Հալէպ: Անոնք կը ներառեն տեղահանութեան ճանապարհին ապրուած փորձառութիւնները ու Հալէպի վկայութիւնները, եւ թէ ինչպէս հայ տարագիրներու դժբախտ խումբեր կը հասնէին Հալէպ մէկը միւսին ետեւէն, ինչպէս նաեւ անոնց ապրած այդ դժնդակ օրերը: Այս շարքին մէջ կայ հօրեղբօրս վկայութիւնը` երբ 1916-ին հազիւ եօթը տարեկան էր, ալեկոծ այդ օրերուն, առաւօտ մը մայրը ձեռքէն բռնելով ըսած է. «Եկուր մանչուկս, քեզի տանիմ հոգետուն, որ աչքերովդ տեսնես թէ ինչպէս անոր բակին ու հարեւան նրբանցքներուն մէջ գիշերով մահացած գաղթականներու դիակները սայլի մէջ բեռցնելով կը տանին հասարակաց փոսը նետելու: Դիտէ դուն ալ, տղաս: Օրին երբ մեծնաս, գուցէ կը գրես տեսածներուդ մասին…»:

Եւ ան իր մօրը պատգամը իրականացուցած է: Գրած է այն ամէնը որ ինք տեսած է: Եւ գրած է, որպէսզի իր` հայուն կեանքը չ՛ընդհատուի…: Շարունակուի…:

Եւ դարձեալ յուշերուն մէջէն:

  1. երբ Հալէպը ազատագրուած է եւ թուրքն ու գերմանացին վտարուած: Արամ Պէյ Չոլաքեան եւ իր քաջարի մարտիկները լեռներէն իջնելով հասած են Հալէպ: Շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած հայ հերոսներ, որոնք լեռ բարձրանալով, զէնքի ուժով դիմադրած էին թուրքին` պատերազմի տեւողութեան: Եւ հօրեղբայրս իր պատանեկան տրամադրութիւններուն ընդմէջէն կը գրէ. «Չորս տարուան նուաստացուցիչ երեւոյթներէ յետոյ, հոգեպարար անզուգական տեսարան մըն էր: Կ՛ուռեցնէր ընկճուած հայու կուրծքը: Իսկ տեղացիները, որոնք հայը տեսած էին որպէս տարագիր, լքուած ու միայն անտէր, կու գային ապշահար դիտելու դիւցազնական այս անակնկալ երեւոյթը»:

Բայց` այս «հայ հերոսները», որոնք «զէնքի ուժով» ու «դիւցազնական» մարտունակութեամբ կեանքեր պահեցին, երբեք «անմեղներ» չսպաննեցին: Ինչպէս որ այսօր «հերոսներ»` «զէնքի ուժով» եւ քաղաքական ու կրօնական այլ գաղափարախօսութիւններով «անմեղներ» կը սպաննեն «դիւցազներգութիւններ» հիւսելով…: Այս հայ հերոսները իրենց կեանքը մարտիրոսութեան հասցուցին, որպէսզի «անմեղներ» պահպանուին եւ անոնք կարենան ապրիլ` իրենց կեանքերուն հպարտութեան ընդմէջէն: Այս մէկը հայուն ստեղծած մարտիրոսութեան «դիւցազներգութիւնն» է, որուն շնորհիւ հայը կ՛ապրի մինչեւ այսօր…:

Եւ Հալէպի մէջ կայացած առաջին սգատօնը:

Դեկտեմբեր 1918: Ազգային իշխանութիւններու միացեալ ջանքերով` Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է Նահատակաց առաջին սգատօնը` բոլոր հայերու մասնակցութեամբ, միասնական ուժով: Թափօրը ճամբայ ելած է Քառասուն Մանուկ եկեղեցիէն, եւ առաջնորդութեամբը Ամանոսի լեռներուն վրայ չորս տարի դիմադրած երեսուն եւ երեք հերոսներուն, որոնք քալած են` զէնքերը իրենց ձեռքին: Ահա այդ պահու  նկարագրականը: «Արցունքով լեցուած էին բոլորին աչքերը: Իւրաքանչիւր ներկայ ունէր նուազագոյնը քանի մը նահատակ: Բնութիւնն ալ կու լար, ամպամած երկինքին արցունքները հոսեցնելով սգակիր բազմութեան վրայ»:

Բայց սկսած սգատօնը չշարունակուեցաւ իբրեւ լոկ արցունքի եւ ողբի յուշատօն: Ան պատմութեան ընթացքին համազգային տարողութեամբ վերածուեցաւ պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին` 1965-ին: Այսօր` 100-ամեակ ու աւելին. նոյն ցեղասպանութիւնը հայը ոչ միայն կը յիշէ, այլեւ` կը պահանջէ: Նոյն այդ արցունքները այսօր կուտակուած եւ վերածուած են քաղաքական կամքի ու միջազգային բեմահարթակներու վրայ պահանջատիրութեան երթը կը շարունակուի:

Հայը չի մոռցաւ իր կեանքը վերակազմակերպել` նոյնինքն Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ահաւոր փորձառութենէն ետք: Ու ահա մէջտեղ եկաւ «ազգահաւաքը»: Հալէպի մէջ ստեղծուած այս շարժումը` Ա. Աշխարհամարտէն ետք` ազգի բեկորները վերահաւաքելու համար: Այս շարժումին յաջողութեան համար եղած են նուիրեալ հայորդիներ, բայց նաեւ եւրոպական միսիոնարական կազմակերպութիւններ` ի մասնաւորի դանիական միսիոնարական բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչ հայասէր միսիոնարուհի Քարէն Եփփէն, որ «ոչ միայն նիւթական անգնահատելի օժանդակութիւն ապահոված է, այլ ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է այս շարժումին»: Կարդալով այս յուշագրութիւնը եւ նայելով ներկայ օրերու քաղաքական հաշուարկներուն` անպայման հարց կու տաս. «Ինչպէ՞ս Դանիա կրնայ իր պատմութեան եւ իր նուիրեալներուն զոհաբերած կեանքերը եւ անոնց արժանապատուութիւնը նկատի չառնել, իմա` անտեսել, երբ մինչեւ այսօր տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէ՞ս արժեւորել Քարէն Եփփէի ու անոր նման նուիրեալներու կեանքերը` նոյնինքն իրենց պետական վարչամեքենայի դիտանկիւնէն…:

Բայց չէ ուշացած միջազգային մամուլին կողմէ Ցեղասպանութեան եւ անոր ահաւորութեան արձագանգները` արտասահմանէն եկած անգլիատառ թերթերէ` «Թայմզ եւ Լիթըրէրի Տայճեսթ»: Դարձեալ հօրեղբօրս յուշերէն. «Յիշողութեանս մէջ տեղ գրաւած է անգլերէն մէկ վերնագիր. «…Հապա ի՞նչ խեղճ Հայաստանի մասին…»: Եւ հաւանաբար լոյս տեսած է Լոզանի դաշնագիրի առիթով»:

Եթէ արտերկրի մամուլն ու տրամադրութիւնները հայն ու Հայաստանը պիտի որակէին «խեղճ», կար աւելին` եւ դարձեալ անգլիատառ մամուլին մէջ. «Այնքան դժնդակ պայմաններէ վերապրող հայ սերունդը արեան բացառիկ տոկունութիւն ձեռք բերած է փաստօրէն: Ուստի արժէ զայն խառնել ցեղի ազնուացման ու զօրացման համար»:

Եթէ հայը իր արհաւիրքէն դուրս եկաւ «բացառիկ տոկունութեամբ», այդ տոկունութեան գրաւականը` իր կեանքը շարունակելու համար էր: Իսկ  ինչպէ՞ս բացատրել ու տակաւին ընկալել հայուն «արիւնը» եւ զայն «խառնելը՞»… «Ցեղի ազնուացման ու զօրացման համա՞ր»: Բայց այդ ո՞ր ցեղի մասին է խօսքը: Հայուն ցուլո՞ւմը: Նոր ցե՞ղ մը մէջտեղ հանելու համար: Թէ՞ հայուն արիւնը գործածել` զօրացնելու համար այլ արիւններ…:

միսիոնարուհի Քարէն Եփփէ

միսիոնարուհի Քարէն Եփփէ

Ճիշդ է, այսօր Ցեղասպանութեան հարիւր եւ չորրորդ ամեակն է, բայց հայը ու հայուն երթը կը շարունակուի: Կը շարունակուի` յիշելով եւ պահանջելով հայուն արդար իրաւունքը: Հայը կը շարունակէ իր երթը իր հզօր (եւ ոչ թէ խեղճ) ու անկախ պետականութեամբ` իր Հայաստանով: Ու տակաւին կը շարունակէ իր երթը` իր ինքնուրոյն արիւնով: Այս արիւնը ոչ թէ խառնելու եւ խառնուելու համար է, այլ` հայուն կեանքը շարունակելու:

Բայց հօրեղբօրս յուշերու գիրքին առաջին էջին վրայ կայ իր մակագրութիւնը` գրուած իր ձեռագիրով եւ ինծի…:

«Մատեան իմ այս, կեանքիս թողօն քո մօտ լինի, կայծ մը գործօն»:

Եւ այս մակագրութիւն չէ միայն: Այլ կտակ:

Եթէ հօրեղբօրս յուշագրութիւնը գիրք է, բայց անիկա շատ աւելին է…:

Անիկա յուշերու հաւաքածոյ մըն է, ապրուած կեանքեր ու տակաւին…:

Եւ տակաւինը՞: Ապրուած կեանքի կայծն է, կտակ է, թէ հայուն կեանքը երբեք պէտք չէ մարի…: Պէտք է շարունակուի…: Ես` Ցեղասպանութենէ ետք երրորդ սերունդ` պարտիմ նոյն այս կայծը փոխանցել չորրորդին: Եւ այս կայծն է, որ հայուն կեանքը` Հայաստանն ու սփիւռքը պիտի հզօրացնէ եւ տոկուն դարձնէ:

Ահա թէ ինչո՞ւ յուշերն ու անոր ապրուած կեանքերը կը դառնան պատգամ, աւանդ` ինծի եւ իւրաքանչիւր հայու համար:

Աւանդ, որուն կայծը կը խթանէ, որ հայը ապրի, գործէ եւ շարունակէ պահանջատիրական իր երթը:

Յուշեր, ապրուած կեանքեր ու տակաւին:

Եւ տակաւինը՞` հայուն շարունակուող կեանքն է. հզօր ու տոկուն:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment