Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2018-ին Փտածութեան Դէպքերով Քննուած Գործերու Թիւը Աճած է 127,4 Տոկոսով

2018-ին Փտածութեան Դէպքերով Քննուած Գործերու Թիւը Աճած է 127,4 Տոկոսով

by MassisPost

2018 թուականի ընթացքին Քննչական կոմիտէի ստորաբաժանումներուն մէջ քննուած է փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու դէպքերու առթիւ յարուցուած 1233 քրէական գործ (2017-ին՝ 542), որմէ 1077-ը վարոյթ ընդունուած է 2018-ի ընթացքին (2017-ին՝ 403), իսկ 156-ը փոխանցուած են 2017-էն:

Քննչական կոմիտէի կողմէ իրականացուած վերլուծութիւնները ցոյց տուած են, որ փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու դէպքերու առթիւ քննուած քրէական գործերու թիւը աճած է 691-ով կամ 127,4 տոկոսով:

Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ 1233 քրէական գործերէն 315-ը վերաբերած են Քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածով նախատեսուած իւրացման կամ վատնման, որ կատարուած է պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով (2017-ին՝ 86), 194-ը՝ 308-րդ յօդուածով նախատեսուած պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելուն (2017-ին՝ 95), 143-ը՝ 311.1-րդ յօդուածով նախատեսուած պաշտօնատար անձ չհանդիսացող հանրային ծառայողի կողմէ ապօրինի վարձատրութիւն ստանալուն (2017-ին՝ 8), 125-ը՝ 375-րդ յօդուածով նախատեսուած իշխանութիւնը չարաշահելուն, իշխանազանցութեան կամ իշխանութեան անգործութեան (2017-ին՝ 95), 111-ը՝ 314-րդ յօդուածով նախատեսուած պաշտօնէական կեղծիքին (2017-ին՝ 67), 89-ը՝ 311-րդ յօդուածով նախատեսուած կաշառք ստանալուն (2017-ին՝ 22), 78-ը՝ 214-րդ յօդուածով նախատեսուած առեւտրային կամ այլ կազմակերպութիւններու ծառայողներու կողմէ լիազօրութիւնները չարաշահելուն (2017-ին՝ 88), 41-ը՝ 309-րդ յօդուածով նախատեսուած պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելուն (2017-ին՝ 12), 39-ը՝ 312-րդ յօդուածով նախատեսուած կաշառք տալուն (2017-ին՝ 27), 37-ը՝ 178-րդ յօդուածով նախատեսուած խարդախութեան, որ կատարուած է պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով (2017-ին՝ 4), եւ այլն:

448 քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է (2017-ին՝ 273): Քրէական գործերով քրէական հետապնդման ենթարկուած է 795 անձ (2017-ին՝ 366): Նշուած անձերէն 77-ը ձերբակալուած են (2017-ին՝ 23), 62 անձ ազատուած է արգելանքէ (2017-ին՝ 6): Որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած են 658 անձինք (2017-ին՝ 265): Մեղադրանք առաջադրուած է 585 անձի (2017-ին՝ 262): 53 անձի վերաբերեալ կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան (2017-ին՝ 41), որմէ 5-ը մերժուած է, 48-ը՝ բաւարարուած, որմէ 21-ի նկատմամբ կիրառուած է գրաւ: 31 մեղադրեալի պաշտօնավարումը դադարեցուած է (2017-ին՝ 15): Կալանքէն ազատած է 18 մեղադրեալ (2017-ին՝ 13), որոնցմէ 3-ը՝ դատախազի որոշմամբ, 15-ը՝ դատարանի: Արդարացման հիմքով քրէական հետապնդումը դադարեցուած է 55 անձի նկատմամբ (2017-ին՝ 58), իսկ ոչ արդարացման հիմքով՝ 217 անձի (2017-ին՝ 64): 3 անձի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադարեցնելու վերաբերեալ որոշումը վերացուած է դատախազի կողմէ (2017-ին՝ 2):

Դատի տրուած է 190 անձ (2017-ին՝ 137), որոնցմէ 12-ը գտնուած են կալանքի տակ:

107 քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է մեղադրական եզրակացութեամբ (2017-ին՝ 92), իսկ 341-ով վարոյթը կարճուած է (2017-ին՝ 273), որմէ 235-ը` արդարացման հիմքով, 106-ը` ոչ արդարացման հիմքով: 21 քրէական գործով վարոյթը կասեցուած է (2017-ին՝ 47), որմէ 14-ը` յանցագործութիւն կատարած անձի ինքնութիւնը պարզուած չըլլալու հիմքով (2017-ին՝ 33), 7-ը՝ մեղադրեալի քննութենէն թաքնուելու (2017-ին՝ 13):

464 քրէական գործ փոխանցուած է 2019 թուական (2018-ին՝ 151):

1233 քրէական գործերով քրէական հետապնդման ենթարկուած է 398 պաշտօնատար անձ (2017-ին՝ 191), որոնցմէ 16-ը՝ կասկածեալ, իսկ 382-ը՝ մեղադրեալ:

398 պաշտօնատար անձերէն 1-ը եղած է բարձրաստիճան պաշտօնեայ՝ Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի տեղակալ:

Քրէական հետապնդման ենթարկուած ամենամեծ թիւով անձերը պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու ոլորտէն են՝ 114 մեղադրեալ եւ 10 կասկածեալ, 71 մեղադրեալ տեղական ինքնակառավարման ոլորտէն է, 55 մեղադրեալ եւ 1 կասկածեալ՝ ընկերային ապահովութեան, 33 մեղադրեալ եւ 2 կասկածեալ՝ կրթութեան, 13 մեղադրեալ եւ 1 կասկածեալ՝ առողջապահութեան, միւսները՝ այլ ոլորտներէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment