Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահը Ստորագրած է Վարչապետի «Հակայեղափոխական» Որակած Օրէնքը

Նախագահը Ստորագրած է Վարչապետի «Հակայեղափոխական» Որակած Օրէնքը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրած է «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքը: Այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը:

Սահմանադրական դատարանը Սահմանադրութեան համապատասխանող համարած է նախորդ գումարման Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան հեղինակած եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ու ՀՅ Դաշնակցութեան հաւանութեան արժանացած օրէնքը, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «հակայեղափոխական» անուանեց, եւ քաղաքացիները հրաւիրեց խորհրդարանի շէնքի մօտ եւ փողոցին մէջ պաշտօնէն ազատեց օրինագծին կողմ քուէարկած ուժերու՝ ԲՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի նախարարներն ու մարզպետները:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը 21 օր շարունակ չէր ստորագրած օրէնքը եւ այն Սահմանադրական դատարան ուղարկած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment