Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Իշխանութիւններու Դարձեալ կը Մեղադրեն Հայկական Լոպպին

Թուրքիոյ Իշխանութիւններու Դարձեալ կը Մեղադրեն Հայկական Լոպպին

by MassisPost

Թուրքիոյ կառավարութենէն մեկնաբանութիւն տուած են ատրպէյճանական «Trend» լրատուական գործակալութեան եւ դարձեալ յիշեցուցած են արխիւները բանալու առաջարկին մասին՝ 1915-ին տեղի ունեցածը ուսումնասիրելու նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ թուրք կ’ապրի, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը խնդիրներ չունին։ Բազմազգութիւնը Թուրքիոյ ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն է»,- նշուած է մեկնաբանութեան մէջ: Եւ այս մէկը կ’ըսուի այն պարագային, երբ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը ոչ միայն խնդիրներու, այլեւ բազում վտանգներու մէջ են:

Թուրքիոյ կառավարութենէն ներկայացուցած են նաեւ այն անհիմն պնդումները, թէ հայկական լոպին եւ Սփիւռքը կը խոչընդոտեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։

«Հայկական լոպպիի գործողութիւնները Թուրքիոյ դէմ, առաջին հերթին կը վնասեն հայերու շահերուն, որոնք Հայաստանի մէջ կ՝ապրին աղքատութեան մէջ։ Եթէ հայկական լոպպին կը կարծէ, որ արեւմտեան խորհրդարաններու միջոցով կրնայ ճնշում գործադրել Անգարայի վրայ՝ չարաչար կը սխալի»,- ըսուած է Թուրքիոյ կառավարութեան մեկնաբանութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment