Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մարտ 1»-ի Գործով Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գէորգեանի Թղթածրար Ուղարկուած է Դատախազին

«Մարտ 1»-ի Գործով Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գէորգեանի Թղթածրար Ուղարկուած է Դատախազին

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) կը տեղեկացնէ, որ 2008 թուականի Մարտ 1-էն 2-ը ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ ՅՔԾ-ի կողմէ քննուող քրէական գործէն անջատուած մասով նախաքննութիւնը աւարտած է:

Հայաստանի պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Սեյրան Օհանեանի, պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած Եուրի Խաչատուրովի եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արմէն Գէորգեանի վերաբերեալ քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկողութիւն իրականացնող դատախազին` այն դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Նշենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի Սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ, Սեյրան Օհանեանը եւ Եուրի Խաչատուրովը կը մեղադրուին Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ, Արմէն Գէորգեանը կը մեղադրուի Սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացած գոյքը օրինականացնելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment