Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միհրան Պօղոսեան Ձերբակալուած է Ռուսաստանի Մէջ, Արտայանձնման Համար Կ’իրականացուին Անհրաժեշտ Ընթացակարգերը

Միհրան Պօղոսեան Ձերբակալուած է Ռուսաստանի Մէջ, Արտայանձնման Համար Կ’իրականացուին Անհրաժեշտ Ընթացակարգերը

by MassisPost

ՌԴ իրաւապահները Քարելիայի Հանրապետութեան մէջ ձերբակալած են Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Դատական աքթերու հարկադիր կատարման ծառայութեան նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի շրջանակէն ներս   Միհրան Պօղոսեանը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքներու կատարման համար, որ ան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, վատնման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակած է եւ չարաշահած է իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, ինչը առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

Դատարանը 15 Ապրիլին որոշում կայացուցած է երկու ամսով կալանաւորել զօրավարը։ Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ յայտարարուած էր հետախուզում:

Միհրան Պօղոսեանի արտայանձնման համար Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը կ’իրականացնէ անհրաժեշտ ընթացակարգերը, «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան փոխանցած են լրատուական ծառայութենէն։

Դատախազութիւնը աւելցուցած է՝ այս պահին կը պատրաստուի արտայանձման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերու փաթեթը, որ նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ պիտի ներկայացնեն ռուսական կողմին:

Պօղոսեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք իւրացնելու կամ վատնելու եւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու մէջ:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անդրադառնալով նոր իշխանութեան օրօք նախկին ռեժիմի ներկայացուցիչներու մասով յարուցուած քրէական գործերուն, որոնց մէկ մասով մեղադրեալները հեռացած են Հայաստանէն, շեշտեց՝ անհրաժեշտ են այնպիսի իրաւական կարգաւորումներ, որոնք գործող օրէնսդրութեան շրջանակէն ներս հնարաւոր չէ կիրառել։ Խօսքը, մասնաւորապէս, կ’առնչուի Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ, նախկին պաշտպանութեան փոխնախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին, ՀՀԿ նախկին պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանին, Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդի՝ Նարեկ Սարգսեանին:

«Երեւի թէ պէտք է ամբողջականացնել, ընդհանրապէս, նախկին իշխանութեան օրօք համակարգային կաշառակերութեան դրսեւորումների դէմ պայքարի մեթոտները, գործիքները, գոյքագրում կատարել, թէ ինչ հնարաւորութիւններ կան կոռուպցիոն յանցագործութիւնների եւ սխեմաների բացայայտման ուղղութեամբ եւ ինչեր պէտք է արուին, որպէսզի արդիւնաւէտութիւնը մեծանայ», – կը կարծէ իրաւապաշտպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment