Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որեւէ Պաշտօնեայի Դէմ Քաղաքական Հետապնդում Պիտի Չըլլայ. Ազգային Ժողովի Փոխ Նախագահ Լենա Նազարեան

Որեւէ Պաշտօնեայի Դէմ Քաղաքական Հետապնդում Պիտի Չըլլայ. Ազգային Ժողովի Փոխ Նախագահ Լենա Նազարեան

by MassisPost

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Լենա Նազարեանը կը բացառէ, որ այսօր հնարաւոր է քաղաքական հետապնդում իրականացուի որեւէ պաշտօնեայի նկատմամբ։

Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ, թաւշեայ յեղափոխութեան առաջամարտիկներէն Դաւիթ Սանասարեանին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) մեղադրանք առաջադրած է պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով:

«Ես բացառում եմ, որ որեւէ պաշտօնեայի գլխին, այսպէս ասած, կարող է որեւէ մէկը գործ սարքել, եւ նաեւ բացառում եմ, որ որեւէ մէկը մեղաւոր լինելու դէպքում մնայ անպատիժ», – նշած է Լենա Նազարեանը։

Ազգային ժողովի փոխնախագահը կը վստահի ԱԱԾ-ի գործողութիւններուն: Անոր խօսքով՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ այլեւս նախկինի նման մարդոց պիտի չբաժանեն իւրայիններու եւ օտարներու։

«Կաշառակերութեան դէմ պայքարում, չարաշահումների, վատնումների դէմ պայքարում մենք չենք բաժանելու մարդկանց իւրայինների եւ օտարների», – ընդգծած է Նազարեանը։

Ըստ քրէական գործի նիւթերուն, Սանասարեանը, խմբային շահերէ ելլելով, իր աշխատակիցներուն կողմէն փաստացի կառավարուող ընկերութեան օժանդակելու նպատակով իր պաշտօնէական դիրքը առերեւոյթ օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, ինչպէս նաեւ չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները: Դեռ Փետրուարին ԱԱԾ-ն յայտնած էր, որ յարուցած են քրէական գործ Պետական վերահսկողական ծառայութեան գնումներու գործընթացներու վերահսկողութեան վերաբերեալ:

Դաւիթ Սանասարեանը ստորագրութիւն թողած է երկրէն չհեռանալու մասին։ Ան իրեն ուղղուած մեղադրանքը շինծու կը համարէ։ Ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրառում կատարած է, թէ «Քենետու սպանութեան մէջ ինձ կասկածնելն աւելի հիմնաւոր կը լինէր, քան կաշառակերութեան հետ կապ ունենալը»։ Ան նաեւ խնդրանքով դիմած է հանրութեան. – «Հիմա պղտոր ջրում ձուկ բռնողների մի մեծ բանակ կայ. նախկին իշխանութեան քարոզիչներն, իբր ինձ պաշտպանելով, փորձում են իշխանութեանը թուլացնելու իրենց մարմաջը բաւարարել։ Բոլոր դէպքերում տեղեկատուական տարատեսակ տարափի պայմաններում մի պահ կանգ առէք եւ յիշէք, որ պետական շահը գլխաւորն է»։

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի խօսքով, իրենց համար անակնկալ էր Դաւիթ Սանասարեանին մեղադրանք առաջադրելը․ – «Ճանաչում եմ պարոն Սանասարեանին: Գիտեմ էդ մարդուն որպէս բարեվարքութեան բոլոր պայմանները պահպանող մարդ»:

Մարուքեանը նաեւ ըսած է, թէ չուզեր հաւատալ, որ ՊՎԾ պետի նկատմամբ քաղաքական հետապնդում կ’իրականացուի։ Վստահեցուցած է, որ նման բան ըլլալու պարագային իրենք, որպէս ընդդիմութիւն, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը բարձրաձայնեն այդ մասին:

«Հնարաւոր ա փնթիութիւն լինի, հնարաւոր ա չգիտեմ ինչ լինի: Բայց որ քաղաքական հետապնդում լինի, դրան չեմ հաւատում: Կը հետեւենք, կը տեսնենք», – ըսած է Մարուքեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment