Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ընդունեց ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

Վարչապետը Ընդունեց ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին Ներկայացուցիչներու պալատի Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախմբի (ԺԳՅ) համանախագահ Տեյվիտ Փրայսը, ԺԳՅ համանախագահ քոնկրէսական Վերն Պուքանանը, ԺԳՅ անդամ քոնկրէսականներ Տինա Թայթուսը, Մայքլ Քոնաւէյը, Ճերի Քոնոլին, Ատրիան Սմիթը, Պարպարա Լին եւ Թերրի Սիւելը։

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանը կը գտնուի արմատական կարեւոր բարեփոխումներու շրջանի մէջ եւ հաստատակամ առաջ կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացման ուղիով: Վարչապետը անդրադարձած է մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան, ապա 9 Դեկտեմբերին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ նշելով, որ անկախացումէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են առաջին ազատ, ժողովրդավարական եւ թափանցիկ ընտրութիւնները, որոնք այդպէս որակուած են նաեւ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններու կողմէն: Փաշինեանի խօսքով՝ որպէս յաջորդ քայլ Հայաստանի կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ ժողովրդավարութիւնը համակարգային դարձնելու եւ տնտեսապէս հզօրացնելու ուղղութեամբ եւ այդ գործընթացին մէջ կ’ակնկալէ միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին՝ ԱՄՆ աջակցութիւնը:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին՝ Տեյվիտ Փրայսը նշած է, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբը պատրաստ է փորձի փոխանակման եւ խորհրդատւութեան միջոցով զարգացնել խորհրդարանական մշակոյթը, նպաստել հայ-ամերիկեան կապերու եւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան սերտացման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու շարք մը հարցերուն, որոնք վերաբերած էին տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման, տարածաշրջանային իրավիճակին եւ զարգացումներուն, թաւշեայ յեղափոխութեան եւ յետագայ բարեփոխումներուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւուածութեան, քաղաքական կեանքին եւ կառավարման ոլորտին մէջ կանանց դերի բարձրացման, խորհրդարանական կառավարման համակարգի գործունէութեան եւ այլն:

Վարչապետը ընդգծած է՝ Հայաստանի, հայ հասարակութեան համար ժողովրդավարութիւնը ներքին համոզմունք է եւ հաւատամք, այլ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական կամ արտաքին քաղաքական կողմնորոշում: Ինչ կը վերաբերի յեղափոխութենէն ետք տնտեսութեան զարգացման միտումներուն, կառավարութեան ղեկավարը ներկայացուցած է արձանագրուած աճի ցուցանիշները եւ նշած, որ իրականացուած են եւ կ’իրականացուին մենաշնորհներու վերացման, ստուերի կրճատման, աշխատատեղերու ստեղծման միտուած հետեւողական քայլեր:

ԱՄՆ քոնկրէսականները պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ իրենց աջակցութիւնը բերելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման եւ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան յետագայ խորացման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment