Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Ընդունած է Կառավարութեան Կառուցուածքի Փոփոխութիւններու Մասին Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Ընդունած է Կառավարութեան Կառուցուածքի Փոփոխութիւններու Մասին Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը ձայներու 71 կողմ, 40 դէմ, 0 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցմամբ ընդունած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծն ու կից ներկայացուած նախագիծերու փաթեթը:

Կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու այս նախագիծով 5 նախարարութիւն կրճատուելու է՝ նախկին 17-ի փոխարէն կգործի 12-ը: Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը՝ երեքի փոխարէն երկուսը կմնան: Կրթութեան, Սպորտի և Մշակոյթի նախարարութիւնները կմիաւորուեն: Գիւղատնտեսութիւնն նախարարութիւնը կմիաւորուի Տնտեսական զարգացման և ներդրումների նախարարութեանը: Սփիւռքի նախարարութիւնը կլուծարուի, դրա փոխարէն վարչապետի աշխատակազմում կլինի Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ՝ 25 հաստիքով: Ոստիկանութիւնն ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կշարունակեն գործել վարչապետի ենթակայութեան ներքոյ:

Նախագիծի շուրջ Ազգային ժողովին մէջ բուռն քննարկում ծաւալած էր. «Լուսաւոր Հայաստան»-ը յայտարարած է, որ «սա Սերժ Սարգսեանի քոսթիւմն ա», «Բարգաւաճ Հայաստան»-ն ալ նշած է, որ «այս կառուցուածքը չունի տարրական արդիւնաւէտութիւն»։

Երկու խմբակցութիւններն ալ յայտարարած էին, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment