Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Վարչապետն Ու Նախագահը Ցաւակցութիւն Յայտնեցին Նախագահ Մաքրոնին` Նոթր Տամի Ողբերգութեան Առթիւ

Հայաստանի Վարչապետն Ու Նախագահը Ցաւակցութիւն Յայտնեցին Նախագահ Մաքրոնին` Նոթր Տամի Ողբերգութեան Առթիւ

by MassisPost

Փարիզի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի քրիստոնէական խորհրդանիշներէն եւ ճարտարապետական գլուխգործոցներէն մէկուն: Աստուածամօր տաճարին մէջ պատահած հրդեհին առթիւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը ցաւակցական հեռագիր յղած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին:

Վարչապետի նամակին մէջ մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Մեծարգոյ՝ պարոն Նախագահ, ցնցուած ենք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեամբ: Փարիզի Աստուածամօր տաճարը եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ ողջ քրիստոնէական աշխարհի ամենանշանակալից եւ սիրուած խորհրդանիշերէն է: Հայերուս համար անիկա ֆրանսական մշակոյթի եւ հոգեւոր ժառանգութեան իւրատեսակ մարմնաւորում է, որուն հետ մենք նոյնացուցած ենք Փարիզն ու անոր բազմադարեայ պատմութիւնը:
Հայաստան իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ ֆրանսացիներուն եւ կը կիսէ անոնց զգացումները:

Միաժամանակ լիայոյս ենք, որ բոլորիս համատեղ ջանքերով կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր: տաճարի նախկին տեսքը վերականգնելու նպատակով»:

Նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ ըսած է: «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, ուր պահուող գանձերն ու արուեստի ստեղծագործութիւնները չափազանց արժէքաւոր են, միշտ կանգուն եղած է: վեհօրէն խորհրդանշելով ֆրանսացի ժողովուրդին հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը: Իմ կարեկցանքը կը յայտնեմ բարեկամ ֆրանսացիներուն: կիսելով անոնց զգացումները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment