Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը՝ Մեր Երկրորդ Տունը

Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը՝ Մեր Երկրորդ Տունը

by MassisPost

Երկրորդ տունը՝ դպրոցը: Ճշմարիտ խօսք է: Դպրոցէն շրջանաւարտ կ’ըլլաս, կ’ամուսնանաս, զաւակներդ դպրոց կ’ուղարկես եւ տակաւին սրտիդ մէջ քու յաճախած դպրոցդ կը մնայ երկրորդ տունդ, դասընկերներդ՝ եղբայր-քոյրերդ:

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներուն համար ալ երկրորդ տուն կը համարուի իրենց սիրելի վարժարանը: Այս իրողութիւնը պատճառ դարձած է, որ քսանինն տարի առաջ Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն, հիմնուի Շրջանաւարտից Միութիւն, որպէսզի բարոյապէս եւ նիւթապէս թեւ ու թիկունք կանգնի նիւթական դժուար պայմաններուն մէջ գտնուող Էշրէֆիէի Կ.Բ.Վ.-ի աշակերտներուն: Շրջանաւարտից Միութեան տարեկան օժանդակութիւնները ուժ ու կորով կը ներշնչեն տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն, որպէսզի բծախնդիր եւ գերազանց աշխատանք տանին, դառնալով Լիբանանի հայկական առաջնակարգ վարժարանը բոլոր մարզերուն մէջ:

Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած քսանիններորդ ճաշկերոյթ-հաւաքը տեղի ունեցաւ 8 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կլենտէյլի “Glenoaks Ballroom” մէջ, «Մենք հոգատար ենք ԿԲՎ-ին» կարգախօսին հաւատալով:

Երրորդ տարին ըլլալով ճաշկերոյթին հանդիսավարութիւնը լաւապէս կատարեց Լիզա Տորտիւլեան, որ առաջին հերթին յիշեց ներկայ եղող հիւրերը՝ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան եւ կողակիցը՝ Տոքթ. Անի տարագճեան, տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան, Տոքթ. Յասմիկ Պարան, տէր եւ տիկին Րաֆֆի Քենտիրճեան, օրդ. Հուրի Դաւիթեան, Պատուելի Ճօ եւ երէցկին Լենա Կարապետեան, Վերապատուելի Յովսէփ եւ երէցկին Սուզի Մաթոսեան, Վերապատուելի Գէորգ եւ երէցկին Ալիս  Տէրեան, Վերապատուելի Սերոբ եւ երէցկին Ալինա Մկրտիչեան, տէր եւ տիկին Արամ եւ Անայիս Պուլղուրճեան:

Ճաշկերոյթին բացումը կատարուեցաւ յոտնկայս ունկնդրելով երկու քայլերգներ: Առաջինը՝ ԱՄՆահանգներու քայլերգը՝ Արա Գուրույեանի մեկնաբանութեամբ, իսկ Հայաստանի օրհներգը՝ տեսերիզով՝ ԿԲՎ-ի աշակերտներու երգչախումբին մեկնաբանութեամբ: Ապա՝ Պատուելի Ճօ Կարապետեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը, Աստուծմէ խնդրելով կորով ու առողջութիւն բոլոր նուիրատուներուն եւ վարժարանին նեցուկ կանգնողներուն, ինչպէս նաեւ բարձր նուիրում ԿԲՎ-ի բոլոր կրթական մշակներուն, տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն:

«Մեր գործունէութեամբ, ժամանակով եւ նիւթական օժանդակութեամբ կը փաստենք, որ «Մենք հոգատար ենք ԿԲՎ-ին», ինչպէս կ’ըսէ մեր կարգախօսը» տողերով իր խօսքին բացումը կատարեց Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Գաբրիէլ Ալպարեան: Ներկաներուն բարեգալուստ ու բարի վայելում մաղթելէ ետք, պրն. Ալպարեան ներկայացուց նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւնները, աշակերտութեան թիւին աճը եւ կրթանպաստ ստացող աշակերտներուն տոկոսային համեմատութիւնը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մնայուն մեծ նուիրատուին՝ տէր եւ տիկին Ճերի եւ Փէթ Թիւրբանճեաններուն:

Ներկաները ամէն տարի հետաքրքրութեամբ կը սպասեն եւ լուռ կ’ունկնդրեն ԿԲՎ-ի տնօրէնուհիին՝ Մարալ Տէյիրմէնճեանին պատրաստած տեսերիզը, ուր կարելի է տեսնել դպրոցը բարգաւաճման ծիրերը, մրցանակները, շինարարական աշխատանքները, հանդէսները, ներդպրոցական եւ արտադպրոցական գործունէութիւնները եւ անոնց ընդմէջէն վերապրիլ դպրոցական յիշատակները: Վարձքը կատար ուսուցչական ասպարէզին անձնուէր իւրաքանչիւր անհատին:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ երաժշտութեան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ներկաները խանդավառեցին ջութակահար Եաշա Քոնվիսըր եւ սաքսիֆոնահար Ճէյքըպ Նախմըն:

chs-3

Տարիներու սովորութեան համաձայն այս տարի եւս պարգեւատրուեցան տարբեր մարզերու մէջ դպրոցին նեցուկ կանգնող շրջանաւարտներ եւ ուսուցիչներ: Այս տարի եւ առաջին անգամ ըլլալով ճաշկերոյթը ունեցած էր հովանաւոր: Պարոն Վահէ Անթիքաճեան հպարտութեամբ ներկայացուց օրուան հովանաւորութիւնը ստանձնող տէր եւ տիկին Գալուստ Փանտազոսը, որ 1971-էն ի վեր հաստատուած է Ամերիկա եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք հասած է յաջողութեան: Ամուսնացած է Տալիլային հետ եւ ունի երկու զաւակ ու թոռնիկներ: Փանտազոս զոյգը հիմնադիրն է “Armenian Spiritual Cultural Foundation”-ին, որովհետեւ անոնք կը հաւատան որ աղօթքը մարդուն սիրտը կ’ազնուացնէ, հոգիի մխիթարութիւն եւ սրտի գոհունակութիւն կու տայ: Պէտք է ընդգծենք, որ “bone marrow” ծրագիրին ի նպաստ հանգանակային ձեռնարկներու համար իր դուռը միշտ բաց եղած է եւ մեծագումար նուիրատուութիւններ հաւաքելու աշխատանքներ իրականացուցած է: Ան հայ դպրոցը կը նկատէ հայապահպանման սրբավայր, որուն պէտք է գուրգուրանքով եւ երկիւղածութեամբ մօտենալ:

Շրջանաւարտից Միութիւնը բարձր գնահատելով Փանտազոս ամոլին մարդկային օժանդակութեան աշխատանքները, երախտագիտական խօսքեր բովանդակող յուշանուէր մը յանձնեց անոնց:

chs-4

Ապա, բեմ բարձրացաւ Դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան, որպէսզի ներկայացնէ «տարուան շրջանաւատը»՝ Տոքթ. Յակոբ Իշխանեանը: Սահիկներու ընկերակցութեամբ Դոկտ. Տէր Կարապետեան հակիրճ ձեւով պատմեց Տոքթ. Յակոբ Իշխանեանին կենսագրականը, նշելով որ ան հոգեւոր երգերու երգչախումբի անդամ եղած է, պասկէթպոլ խաղացած է, եղած է գործունեայ ջանիցական եւ Փեթանեայ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ: 1970-ին կ’աւարտէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական մասնագիտութիւնը, որմէ ետք կատարած է նաեւ վիրաբուժական վարժութիւններ: Ամերիկայի մէջ կ’ամբողջացնէ իր մասնագիտութիւնը եւ կը դառնայ ոսկրաբոյժ-վիրաբոյժ: Ան միջազգային ճանաչում ունի իբրեւ փշրուած ոսկորներ վերականգնող վիրաբոյժ: 1988 Գիւմրի-Սպիտակ աղիտալի երկրաշարժի պատճառով Ամերիկա ուղարկուած հայ վիրաւորները կը բուժէ կամաւորաբար: Եղած է հայ նշանաւոր ծանրաբարձ՝ Եուրիկ Վարդանեանին, ինչպէս նաեւ թենիսի նշանաւոր խաղացող Բէթ Սամբրէսի բժիշկը: Ան միշտ նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնած է ԿԲՎ-ի կարիքներուն:

Շրջանաւարտից Միութիւնը բարձր գնահատելով Տոքթ. իշխանեանին մարդկային օժանդակութեան աշխատանքները, երախտագիտական եւ յարատեւ վերելք մաղթող խօսքերով յուշանուէր մը յանձնեց:

chs-1

Երախտագիտական յուշանուէր յանձնուեցաւ նաեւ պրն. Արամ Պուլղուրճեանին, տարիներու իր տնօրէնի վաստակին համար, ինչպէս նաեւ իր տիկնոջ Անայիս Պուլղուրճեանին՝ իր կատարած բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններուն համար:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ պարոն Յարութ Համասեանին, որ տարիներէ ի վեր կամաւորաբար կը կատարէ Միութեան հաշուեքննութիւնը:

Ճաշկերոյթի գինիները տրամադրուած էին “Wines of Armenia.com”-ի կողմէ:

Աւարտին, ճաշկերոյթը իր երգերով խանդավառեց Սեպուհ Նաճարեան, որ հայերէն եւ օտարալեզու երգերով ներկաներուն սիրտերը լիացուց եւ անոնց պարի հրաւիրեց:

Վարձքը կատար բոլորին:

Անհամբեր կը սպասենք յառաջիկայ տարուան ԿԲՎ-ին նեցուկ կանգնող ճաշկերոյթին:

ԿԲՎ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանարտից Միութեան վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment