Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժած է Անձեռնմխելիութեան Հիմքով Քոչարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Վերաբերեալ Բողոքը

Դատարանը Մերժած է Անձեռնմխելիութեան Հիմքով Քոչարեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Վերաբերեալ Բողոքը

by MassisPost

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժած է նախագահին Սահմանադրութեամբ տրուած անձեռնմխելիութեան հիմքով Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու բողոքը։

Նախկին նախագահի փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյեանը կը պնդէ, որ սահմանադրական կարգի տապալման մեղադրանք ներկայացնելով՝ խախտուած է երկրորդ նախագահի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը: Ըստ պաշտպաններուն՝ վարոյթ իրականացնող մարմինը չէ հիմնաւորած, թէ Ռոպերթ Քոչարեանի ո՛ր գործողութիւնները չեն բխած նախագահի կարգավիճակէն:

Փաստաբանական խումբը պիտի բողոքարկէ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը՝ ակնկալիքով, որ վերաքննիչ դատարանը կը ճանչնայ երկրորդ նախագահի իրաւունքներու խախտման փաստը եւ վերջինիս նկատմամբ քրէական հետապնդումը կը դադրեցնէ: Փաստաբանը որոշման հրապարակման ներկայ չէր եւ աւելի ուշ «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ նշած է, որ դատարանի որոշումը ստանալէ ետք նոր միայն կ’անդրադառնան հիմնաւորումներուն: Իսկ նման որոշումը, ըսած է, սպասելի էր՝ «հաշուի առնելով վերջին 7-8 ամիսների ընթացքում դատարանների վարքագիծը ակնյայտ երեւացող փաստերի շուրջ»:

«Ամէն դէպքում, եթէ մեր դատարաններն այսօր պատրաստ չեն ինչ որ որոշում կայացնել, դա չի նշանակում, որ մենք էլ պէտք է ձեռքներս ծալենք՝ որեւէ գործողութիւն չանենք պաշտպանութեան նկատառումներով», – աւելցուցած է փաստաբանը, – «Ի վերջոյ՝ եթէ մեր ներդատական ատեանները չբաւարարեն, Եւրոպական դատարան կը գնանք»:

Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ: Վերաքննիչը ուժի մէջ ձգեց առաջին ատեանի որոշումը՝ Քոչարեանի կալանքը երկու ամիսով երկարաձգելու վերաբերեալ, այս որոշումը եւս պիտի բողոքարկուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment