Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Դուխով Հայաստան Բաց Հասարակութիւն» Էջը Վարող անձը Կալանաւորուած է

«Դուխով Հայաստան Բաց Հասարակութիւն» Էջը Վարող անձը Կալանաւորուած է

by MassisPost

Կալանաւորուած է «Դուխով Հայաստան Բաց Հասարակութիւն» էջը վարող անձը։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է «Ազգային, ցեղային կամ կրօնական թշնամանք յարուցելու» յօդուածով։

«Մէկ անձի մեղադրանք է առաջադրուել քրէական օրէնսգրքի 226 յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով։ Որպէս խափանման միջոց նրա նկատմամբ ընտրուել է կալանաւորումը», – «Ազատութեան» փոխանցած են ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն: – «Դուխով Հայաստան բաց հասարակութիւն» էջը 4 Ապրիլէն այլեւս չի գործեր։ Նախքան այդ, էջին մէջ մեծամասամբ կը տեսնենք նոր կառավարութեան ծաղրող նկարներ, որոնք կ’ուղեկցուին հայհոյանքներով, գրառումներուն մէջ կան ակնյայտ ապատեղեկատւութիւններ․ օրինակ՝ «Վաճառւում է Օփերայի շէնքը, տարածքը յարմար է քազինոյի կամ գիշերային ակումբի համար», կամ՝ «Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահը յայտարարեց, որ Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստները ձերբակալուած են, յարուցուել է քրէական գործ»:

Անցած շաբաթ, Կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր. – «Եթէ որոշ յանցաւոր շրջանակներ միլիոններ են ծախսում սոցիալական ցանցերում, լրատուամիջոցներում, հասարակական կարծիքի մանիփուլացիաներ անելու համար, դա ազգային անվտանգութեան խնդիր է»։

Դիմելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)  տնօրէն Արթուր Վանեցեանին՝ Փաշինեանը յոյս յայտնեց, որ անոր ղեկավարած ծառայութիւնը այս հարցին վերաբերեալ կը կարողանայ ապահովել արդիւնքներ եւ կոշտ հակահարուած տալ կեղծ հաշիւներուն, ի հարկէ՝ կասկածի տակ չդնելով խօսքի ազատութեան իրաւունքը:

Աւելի վաղ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն «Ազատութեան» փոխանցած էին Փորձաքննութիւններու ազգային բիւրոյի Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու (ՊՈԱԿ) կողմէ տրուած եզրակացութիւնը «Դուխով Հայաստան բաց հասարակութիւն» կեղծ էջի վերաբերեալ, ըստ որու. « «Դուխով Հայաստան» անուամբ գրանցուած օգտատիրոջ կատարած գրառումներում առկայ են բացասական գնահատականներ Հայաստանի ազգային հերոսի, Էջմիածնի Մայր տաճարի եւ Հայաստանի քաղաքացիների վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանում գործող կրօնական կազմակերպութեան գերազանցութիւնը շեշտադրող, ազգամիջեան յարաբերութիւններում սեպ խրող եւ դրանք խաթարող, կրօնական կազմակերպութեան դէմ արշաւողների, Հայաստանի քաղաքացիների եւ քաղաքական գործիչների նկատմամբ սպառնալիք արտայայտող ու բռնարարական գործողութիւններ իրականացնելու կոչեր պարունակող արտայայտութիւններ եւ ձեւակերպումներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment