Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Բացառիկ Շուքով Նշուեցաւ Հայաստանի Հիւպատոսարանի Հիմնադրութեան 25-Ամեակը

Բացառիկ Շուքով Նշուեցաւ Հայաստանի Հիւպատոսարանի Հիմնադրութեան 25-Ամեակը

by MassisPost

Պատմական ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Լոս Անճելոսի Հայաստաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոսութեան հիմնադրութեան 25-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Ապրիլ, 2019, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկին մէջ:

Արծաթեայ յօբելինական տօնակատարութեան գլխաւոր հիւրն էր ազնուափայլ Տիկ. Աննա Յակոբեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը:

Աւելի քան 600 հանդիսականներուն մէջ կը նշմարուէին մեր գաղութի կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային տարբեր կազմակերպութեանց ղեկավարներ, պետական, քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներ, հիւպատոսներ, լրագրողներ եւ բարերարներ:

25-4

Տիկին Աննա Յակոբեանի եւ ընկերակցող շքախումբի անդամներու սրահ մուտքը դիմաւորուեցաւ խանդավառ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Հայաստանի ու ԱՄՆ-ի քայլերգներու կատարումէն եւ սեղաններու օրհնութենէն ետք գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ Գալիֆոնրիոյ Գերագոյն ատեանի դատաւոր Արմենուհի (Amy) Աղվանեանի: Ան իրեն համար մեծ պատիւ համարեց նման միջոցառումի մը ատենավար ըլլալը:

Իր բացման խօսքին մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս եւ դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան սրտանց ողջունեց ներկայ հասարակութիւնն ու օրուան հիւրերը: Ան իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց նշելով որ 25 տարիներ առաջ եղած է Հայաստանի առաջին հիւպատոսը Լոս Անճելոսի մէջ, նոր ուղի մը բանալով Հայրենիքի եւ ԱՄՆ-ի այս շրջանի փոխ յարաբերութիւններուն մէջ: Այնուհետեւ կարդաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական գիրը Հիւպատոսարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ Հայրենիք-Սփիւռք փոխադարձ կապերու ամրապնդման մէջ:

25-2

Ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի արտակարգ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսիսեանն ու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիգեանը: Այս վերջինը կարդաց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի շնորհաւորական գրութիւնը հիւպատոսարանի 25-ամեայ արծաթեայ յօբելեանին առթիւ, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի «ձեռք ձեռքի տալով համախումբ աշխատիլ ի նպաստ հայութեան գերագոյն շահերուն…»:

Տիկին Աննա Յակոբեան յոտնկայս եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ իր բեմ հրաւիրուիլը: Ան իր բազմաբնոյթ ելոյթով արտայայտուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք երկրի տարբեր մարզերուն մէջ ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն եւ գեղեցիկ ծրագիրներու մասին: Մասնաւորաբար շեշտեց իր հիմնած բարեգործական ծրագիրներուն եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ կանանց մասնակցութեան, աղքատութեան եւ քաղցկեղի յաղթահարման դժուարին ճանապարին մասին: Ապա ջերմօրէն շնորհաւորեց հիւպատոսարանի 25-ամեակը:
Ճաշի սպասարկութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հիւպատոսարանի շէնքի խնամակալ մարմնի եւ յարակից կառոյցներու ղեկավարութեան յուշանուէրներու յանձնում ձեռամբ Տիկին Աննա Յակոբեանի եւ հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի:

25-5

Աւարտին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը մասնակցութեամբ շնորհալի երգչուհի Սիրանոյշ Գասպարեանի եւ «Փրիմա» լարային քառեակին:

«Մասիս» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հիւպատոսարանի 25-ամեակը, հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանն ու համայն աշխատակազմը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ յարատեւութիւն եւ գեղեցիկ ծրագիրներու իրագործում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment