ՆԱԹՕ-ի անդամներ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ նոր լարուածութիւն առաջացած է:
Երկու դաշնակիցները իրարու կը մեղադրեն Սուրիոյ հարցով երկկողմ քննարկումներու արդիւնքները տարբեր տեսանկիւններէ մեկնաբանելու համար:
Բացի այդ, Ուաշինկթընը եւ Անգարան իրարամերժ մօտեցումներ ունին ռուսական արտադրութեան C-400 (S-400) հրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ մտադրութեան վերաբերեալ:
Ամերիկացիները եւ թուրքերը չեն համաձայնեցուցած այդ հարցով աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը: Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի շարք մը այլ անդամներ կտրականապէս դէմ են Անգարայի եւ Մոսկուայի այդ գործարքին:
Թուրքիան խստօրէն քննադատած է ՆԱԹՕ-ի հիմնադրման 70-ամեակի կապակցութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր հաւաքի ընթացքին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հանդիպման մասին պետական բաժանմունքի մեկնաբանութիւնը:
Ըստ պետական բաժանմունքին , Փոմփէօն ըսած է, թէ «Անգարային կը սպառնան աղէտալի հետեւանքներ, եթէ թուրքերը աւարտին հասցնեն ռուսական հրթիռները գնելու գործարքը, կամ սկսին նոր գրոհներ Սուրիոյ դէմ»:
Փոմփէօն նաեւ պահանջած է Անգարայէն «արագ լուծել Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած ԱՄՆ քաղաքացիներու հարցը»: